Պեռլինի` Լեփսիուսի տան մէջ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գիրքի շնորհանդէս տեղի ունեցած է

Օգոստոս 27-ին Պեռլինի Իոհանէս Լեփսիուսի տան մէջ Ցեղասպանութեան մասին նոր գիրք կը ներկայացուի` «Մահը անապատի մէջ. Հայերի ցեղասպանութիւնը»: Գիրքի հեղինակը գերմանացի պատմաբան Ռոլֆ Հոսֆիլտն է: Այդ մասին ըստ News.am-ի` կը հաղորդէ «Լեփսիուսի տուն» հիմնարկի կայքը: Գիրքի համառօտ բնութագրման մէջ ըսուած է.

«Աղէտը. հայերը այսպէս  կ’անուանեն այն դէպքերը, որոնք սկսած էին 1915-ի գարնանը` XX դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը:

Ռոլֆ Հոսֆիլտ, լաւագոյն մասնագէտներէն մէկը, ցեղասպանութեան հզօր ու ճշգրիտ պատկեր կը ներկայացնէ, կը բացատրէ այն կանխադրոյթները եւ տաբուները, որոնք դեռեւս կը շրջապատեն պատմագրութիւնը այդ հարցին մէջ:

Ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ 1915-ի գարնան եւ ամրան օսմանական հայերը հաւաքուեցան ու քշուեցան` «Թրքական կայսրութիւնը հայկական ցեղէն մաքրելու» ակնյայտ նպատակով: Այդ մասին 1915-ի Յուլիսին իր հեռագիրին մէջ կը տեղեկացնէ Պեռլինի մէջ Գերմանիոյ դեսպանը:  1,5 միլիոն մարդ զոհուած է, որոնցմէ շատերուն` տղամարդոց, կանանց եւ երեխաներուն տեղահանած են դէպի անապատ եւ այնտեղ ձգած` մեռնելու:

Ռոլֆ Հոսֆիլտ իր գիրքով նոր յուշարձան կանգնեցուցած է ցեղասպանութեան զոհերուն համար, որ Թուրքիան դեռեւս կը ժխտէ»:

Scroll Up