«Ներկայիս Հալէպի Հայութեան Տարհանումի Ծրագիր Գոյութիւն Չունի». Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան
«Արեւելք»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ Հալէպի Հայ Աւետարանական համայնքի համայնքապետ, վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան յայտնեց, որ «ահազանգային վիճակներու մատնուելու պահուն, եթէ ստիպողաբար ժողովուրդը Հալէպէն հեռացնելու պարտադրանքին տակ ըլլանք, Հայաստանի իշխանութիւնները պատրաստ են հայութեան տարհանումը ապահովել»: Վերապատուելին նաեւ ըսաւ, որ այդ օրակարգը ինք անձնապէս քննարկած է Հայաստանի բարձրագոյն մարմիններուն հետ: Վերապատուելի Սէլիմեան թելադրեց, որ «որոշ մարդիկ, խաղաղ եւ կանաչ տեղերու մէջ նստելով երբեմն-երբեմն աժան խորհրդատուութիւններ չկատարեն, որպէսզի Հալէպի մէջ մեր ժողովուրդը կարենայ կեդրոնացած եւ ամրագրուած վերլուծումներ կատարել»:
Ըստ Վերապատուելիին, Հալէպը վերջին 3 ամիսներուն յայտնուած էր լարուած քաղաքական իրավիճակի մը մէջ: Ան ընդհանուր իրավիճակը բնութագրելով նաեւ նկատել տուաւ, որ միջազգային քաղաքականութեան բեմին վրայ արձանագրած վերջին զարգացումներէն ետք, այսօր պարզ կը դառնայ, որ Միացեալ Նահանգներ, Անգլիա եւ յատկապէս Իրան մեծ ճիգեր կը գործադրեն լռեցնելու համար Թուրքիան: Ան նաեւ նշեց, որ այսօրուան ընդհանուր իրադրութիւնը ի նպաստ Սուրիոյ է: Շարունակելով իր խօսքը Վերապատուելի Սէլիմեան նաեւ ըսաւ, որ Թուրքիոյ Սուրիոյ մէջ ունեցած անընդունելի միջամտութեան դիմաց Իրանի կացութիւնը հաւասարակշրութեան մը մէջ պահելու ճիգերը մնացին առանձին բան մը, որ մեծապէս ազդեց Հալէպի վրայ եւ շրջանը յայտնուեցաւ շատ ուժեղ պրկուածութեան եւ շրջափակման մէջ:
Ըստ Սէլիմեանի, «հալէպահայ գաղութը եւս անմասն չմնաց այդ շրջափակման «բարիքները վայելելու» բախտէն»: Մեկնաբանելով տեղի ունեցածը` Վերապատուելին շեշտը դրաւ երկու կարեւոր հանգամանքներու վրայ. «Մեզ մօտ որպէս հայ զանգուած, ունինք դիմակայութեան բարձր մակարդակ, տոկունութիւն, ինչպէս նաեւ սուրիահայը սուրիական հայրենիքի հանդէպ ունի այնքան ուժեղ կապուածութիւն, որ ես կը կարծեմ, թէ այդ մօտեցումը առասպելական բնութագրութիւն մը ունի»: Այս գաղափարէն մեկնելով` ան հերքեց հայրենիքի ու սփիւռքի տարբեր վայրերէ հնչող այն խօսակցութիւնները ըստ, որոնց Սուրիոյ մէջ հայ եկեղեցական եւ քաղաքական ղեկավարները կ’արգիլեն ժողովուրդը պատերազմական գօտիէն դուրս գալ եւ պարզաբանեց, որ սուրիահայ գաղութի ղեկավարութիւնը պարզապէս մնայուն կերպով փորձած է լուսարձակել իր սկզբունքային գիծերը՝ կապուած սուրիական հայրենիքի եւ անոր պատկանելիութեան հետ:
Շեշտելով հալէպահայ գաղութի ունեցած «Մայր գաղութ» կոչուելու հանգամանքին ծնունդ տուող գործօններուն, համայնքապետ Սէլիմեան հետեւցուց, որ Հալէպի մէջ կատարուածը նախ եւ առաջ գոյութենական պայքար է, «հայու գոյութիւնն ու ինքնութիւնը պահելու, ծաղկեցնելու ու ամրագրելու պայքար», ան նաեւ նշեց, որ «եթէ նման գիտակցութիւնը բացակայի ղեկավարութեան մօտ, հայութիւնը շատ բան պիտի կորսնցնէ գալիք սերունդներու կեանքին մէջ»:
«Արեւելք»ի այն հարցումին, որ կը վերաբերի Սուրիոյ իշխանութեան ի նպաստ յայտարարութիւններով հանդէս գալու հանգամանքին, վերապատուելի Սէլիմեան պատասխանեց. «Նախ, որպէս քրիստոնեայ զանգուած ըլլալու հանգամանքէն մղուած, իշխանութիւններու նկատմամբ հնազանդութիւն ցուցաբերելու եւ տիպար ու հնազանդ քաղաքացի ըլլալու հոգեւոր թելադրութիւնը ունինք, որ կ’ուգայ Աստուածաշունչէն, իսկ երկրորդ՝ քաղաքական դրուածքով դիտելով հարցը, միշտ կողմ եղած ենք կառուցողական եւ դրական մրցակցութիւն առաջացնող ընդդիմութեան գաղափարին, որ միշտ դէպի լաւը ձգտելու մարմաջ, կորով եւ կենսունակութիւն կ’առաջացնէ»:
Ան ցաւով նշեց, որ ինք, մօտէն ծանօթ ըլլալով Սուրիոյ ընդդիմութեան ծրագրերուն, այնտեղ չէ գտած ազգայնականութեան գիտակցութիւն եւ Սուրիան բարեկարգելու միտում, այլ օտար տէրութիւններու շահերուն ծառայելու ցաւալի հանգամանք: Վերապատուելին ըսաւ, թէ իր կարծիքով Սուրիոյ ներկայ իշխանութիւնները ժողովուրդը պահպանելու եւ սուրիական հայրենիքի ամբողջականութիւնը երաշխաւորելու միակ օրինական ուժը կը համարուին:
Անդրադառնալով հալէպահայութիւնը զանգուածային ձեւով Հայաստան փոխադրելու շուրջ եղած խօսակցութիւններուն` Վերապատուելին յստակօրէն նշեց, որ ինք անձնապէս բազմիցս ջանացած է հայաստանեան կողմին բացատրել, որ պատերազմ ապրող ժողովուրդին հայրենադարձութեան ծրագիրներ ներկայացնելը շատ սխալ պիտի ըլլայ, որովհետեւ փորձը ցոյց կ’ուտայ, որ այդ մարդոցմով Հայաստանը պիտի չշահի: Երկրորդ կարեւոր հանգամանքը, որ ան նշեց, Հայաստանի ունեցած կարելիութիւններու սահմանափակութիւնն է: Խօսելով Դամասկոսի մէջ ամիսներ առաջ ՀՀ ԱԳ նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի հետ կայացած հանդիպման մասին, ան նշեց, որ պրն. Նալպանտեան անձամբ ըսած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները մինչեւ այս պահը իրենց հնարաւոր բոլոր միջոցները ծառայեցուցած են յօգուտ Հայաստան հասած սուրիահայերուն: Այս ուղղութեամբ, Վերապատուելի Սէլիմեանը բարձր գնահատելով Հայաստանի իշխանութեան` ունեցած սուրիահայերը ընդունել-հիւրընկալելու բարի տրամադրութւինը, նշեց, որ «զանգուածային տեղափոխման ծրագրի առաջադրանքով ու գործադրումով Հայաստանի համակարգը նեղ կացութեան մատնած կ’ըլլանք, որովհետեւ բոլորիս համար յստակ է, որ Հայաստան յաւելեալ կարելիութիւններ չունի»:
Ան Հալէպի երեք համայնքներու կողմէ իր երախտապարտութիւնը յայտնեց մինչեւ այսօր կատարուած նիւթական օժանդակութիւններուն համար եւ կոչ ուղղեց շարունակել նմանատիպ ներդրումները, հաստատելով, որ «Սուրիոյ վերաշինութեան հանգրուանին մէջ մեր ժողովուրդը օժանդակութիւններու եւ նիւթական օգնութեան յաւելեալ կարիք պիտի զգայ քան մինչեւ այսօր կատարուածը»:
Ան իր մտահոգութիւնը յայտնելով Հալէպէն հեռացած շուրջ 40 հազար հալէպցիներու ճակատագրին առընթեր եւ իր խօսքը ուղղելով Սփիւռքի տարբեր գաղութներու պատասխանատուներուն, ըսաւ. «Շատ պիտի փափաքիմ, որ անոնք իրենց մօտ հաստատուած սուրիահայերուն տէր կանգնին, փնտռեն անոնց հետքերը եւ օգնեն, որ անոնք համախմբուին եւ կազմակերպուին, որպէսզի մենք բան մը չկորսնցնենք այս պատերազմին»: Ան նշեց, որ այն, ինչ մինչ օրս կորսնցուցինք արդէն կը բաւէ սերունդներու համար. «Ես կը կարծեմ, որ կորսուածները Հալէպ մնացողները չեն, բուն կորսուածները անոնք են, որոնք գացին օտարներու գիրկը նետուեցան եւ անոնց հետքը անգամ այսօր մենք չենք կրնար գտնել»:
Աւարտին ան յայտնեց, որ դպրոցական տարուան վերամուտին Հալէպի միակ Աւետարանական դպրոցը (Փէթէլ-Խմբ.՝ «Արեւելք») իր դռները անվճար կերպով պիտի բանայ հայ աշակերտութեան առջեւ: