Սփիւռքի Նախարարութիւնը Մեզի Միշտ Ուշադրութեան Կեդրոնին ՄԷջ Կը Պահէ. Սուրիահայ Հայրենադարձ

Ստեփան Մահշիկեան ընտանիքին հետ 2012 թուականին  Սուրիոյ Քեսապ բնակավայրէն Հայաստան եկած է: «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Ստեփանը նշեց, որ Հայաստանի մէջ իրենք լաւ կը զգան, լիարժէք ընդելուզուած են հայաստանեան կեանքին, նոյնիսկ տուն կը կառուցեն, որպէսզի մշտապէս հաստատուին հայրենի հողին վրայ: Շատ  տպաւորուած են մարդոց ջերմ ու անկեղծ վերաբերմունքէն, որոնք սկզբնական շրջանին տարբեր հարցերու մէջ անոնց միշտ աջակցած են:

Ստեփան կ’աշխատի «Աուտիզմ» կեդրոնին մէջ, իսկ կինը` Գարմէնը, ձեռագործութեամբ կը զբաղուի, հիմնականին մէջ շարֆեր եւ ձեռագործ այլ իրեր տան պայմաններուն մէջ կը պատրաստէ: Կտորը երեւանեան խանութներէն ձեռք բերելէ յետոյ` աշխատանքի կ’անցնի եւ տարբեր նախշերով շարֆեր կը կարէ, որոնք նաեւ Վրաստան կ’արտահանեն:

«ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը հետեւողական է Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերուն աջակցելու հարցով. մեզի միշտ ուշադրութեան կեդրոնին մէջ կը  պահէ: Այս նախաձեռնութիւններն ալ կը խթանեն, որ նոր յաճախորդներ ունենանք, ճանաչում ձեռք բերենք, որուն համար շնորհակալ ենք շատ»,-ըսաւ «Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը:

Աւելցնենք, որ Ստեփան Մահշիկեան կնոջ հետ մայիս 5-ին կը մասնակցէր  ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Երեւանի քաղաքապետարանի եւ Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի աջակցութեամբ «Երեւան Էքսպօ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի մէջ արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ սփիւռքահայ ներդրողներու արտադրանքներու ցուցահանդէս-վաճառքին:

Գէորգ Չիչեան

%d5%bd%d5%ab%d6%80%d5%ab%d5%a1%d5%b0%d5%a1%d5%b51

 

Scroll Up