«Արի Տուն»-2016. Մեզի Ամէն Օր Նոր Յիշողութիւն Մը, Նոր Զգացողութիւն մը Կը Կապէ

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրը կը շարունակէ հայրենիքի մէջ հիւրընկալել աշխարհասփիւռ երիտասարդ հայորդիներուն: Անոնք այստեղ կը սորվին, կը ճանչնան հայրենի բնութիւնը եւ ամենակարեւորը` կը ծանօթանան իրար հետ, կը հասցնեն հարազատանալ, ստեղծել ընկերական ազնիւ յարաբերութիւններ, որոնք կը պահպանեն «Արի տան» աւարտէն ետքն ալ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի այն ըմբռնումը, որ հայրենիքը, իսկապէս, իր տունն է, եւ ինքը  օր մը օրերէն ականջալուր պիտի ըլլայ «Արի՛ տուն» յորդորին ու մշտապէս պիտի գայ հայրենիք, պիտի գայ տուն:

Սէրլին, Շուշանը, Ժենին եւ Մարգարիտան հայրենիք  եկած են Մերձաւոր Արեւելքի հայկական համայնքներէն` Սուրիայէն եւ Լիբանանէն: Շուշանը եւ Ժենին իրենց ընտանիքներուն հետ արդէն իսկ տեղափոխուած են հայրենիք` մշտական բնակութիւն հաստատելու նպատակով: Երբ անոնց հարցուցի, թէ արդեօ՞ք իրենք կը ցանկան ետ վերադառնալ, երբ Սուրիոյ մէջ պատերազմը աւարտէ, դեռեւս հարցը մինջեւ վերջ չունկնդրած` անոնք միանգամէն ընդհատեցին զիս. «Մենք Հալէպը կը կարօտնանք, բայց ընդմիշտ պիտի մնանք այստեղ, այլեւս ետ չենք երթար: Հայաստանը մեր հայրենիքն է, մենք եկած ենք հայրենիքի մէջ ապրելու, սորվելու, Հայաստանի մէջ լաւ հայ ըլլալու համար»:

Անոնք արդէն իսկ մտերիմ ընկերներ  ձեռք բերած են` լիբանանահայեր Սէրլին եւ Մարգարիտան: «ճիշդ է` համեմատաբար նոր  իրար կը ճանչնանք, սակայն «Արի տուն»-ը մեզի ամէն վայրկեան աւելի կը մտերմացնէ: Յայտնի խօսք մը կայ` Մարդուն կ’ուզես ճանչնալ` հետը ճանապարհ գնայ եւ հաց կիսէ: Մենք իրար հետ համարեայ ամէն օր ճանապարհ կ’երթանք, կը ճամփորդենք Հայաստանով մէկ, եւ մէկ սեղանի շուրջ կը նստինք: Այսինքն` ամէն օր իրար աւելի լաւ կը ճանչնանք,  նոր տեսանկիւնի մը բացայայտում, եւ ատիկա աւելի սերտ կը կապէ մեզի»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կը նշէ Պէյրութէն եկած Սէրլին Մարգարեանը: «Այո՛, մեզի ամէն օր  նոր յիշողութիւն մը,  նոր զգացողութիւն մը կը կապէ: Բայց նախ եւ առաջ մեզի կը կապէ հայրենիքը, որ մէկ հայրենիք է: Մենք` հայերս, որ հեռու կը գտնուինք Հայաստանէն, հայրենիքի մէկ այլ, աւելի ուրիշ ըմբռնում ունինք, քան մնացած ազգերը: Մեզի համար հայրենիքը ե՛ւ մեր տունն է, ե՛ւ մեր ամենասիրելի վայրը այս աշխարհի վրայ, ե՛ւ Արարատն է, ե՛ւ Արցախը: Երբեմն կ’ըսեն, չէ՞, Հայաստան-աշխարհ: Սա շատ խոր ձեւակերպում է»,- միանալով զրոյցին` կը նշէ Մարգարիտա Գոճամանեան: Ան, հայրենիքէն հեռու գտնուելով, կը փորձէ կարօտը փարատել հայկական պարերով, որոնք անսահման շատ կը սիրէ:

Հայուհիները, ինչպէս Մերձաւոր Արեւելքի հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներու հիմնական մասը, աչքի կ’իյնան ոսկեղինիկ արեւմտահայերէնով: Մայրենին անոնց մտքի լեզուն է, որմով կը խօսին անկաշկանդ, առանց բառեր որոնելու եւ հաճոյքով: Անոնք հայերէն կը խօսին այն համոզումով, որ ատիկա այդպէս ալ պիտի ըլլար. մայրենին մէկն է, եւ երբ հայրենիքի մէջ ես, հոգին եւ լեզուն պիտի հաղորդակցուին միայն հայերէնով: Շուշանին եւ Ժենիին արդէն իսկ բախտ  վիճակուած է հայրենիքի մէջ ապրելու, մեծնալու, կրթութիւնը շարունակելու, զգալու Հայաստանի առօրեան, ապագայի հնարաւորութիւնները: «Արի տուն»-ը եւս մէկ օղակ է, որ աւելի ամուր կը կապէ անոնց հայրենի հողին:

Սէրլին եւ Մարգարիտան ծրագիրի աւարտէն ետք Պէյրութ պիտի վերադառնան, ուր իրենց ստեղծած փոքրիկ հայրենիքին մէջ պիտի շարունակեն հայեցի ապրիլ եւ մեծնալ: «ճիշդ է` մենք հեռու ենք Հայաստանէն, սակայն մենք մեզի   լիակատար հայ կը զգանք: Մեր հայկական դպրոցէն ներս Հայաստանի շունչը կայ, մեր ընտանիքներուն մէջ կը պահպանուին հայկական իւրաքանչիւր աւանդոյթ, եւ մենք այդ աւանդոյթները մեծ սիրով կը պահպանենք: Մենք գիտենք, որ հայ ենք, որ մեր արմատները Հայաստան կը բերեն, որ մեր պապերը այստեղ ապրած են, եւ ատիկա մեզի կը պարտաւորեցնէ արժանապատիւ հայ ըլլալ»,- կը նշեն Սէրլին ու Մարգարիտան:
Զրոյցէն ետք մեկնելով Գեղարդի բազմադարեայ տաճար` հայուհիները կը խոստանան աղօթել նաեւ իրենց հայրենիքի վաղուան օրուան համար, այն հայրենիքին համար, որ վերջնականապէս պիտի համախմբէ աշխարհասփիւռ հայերը իր գրկին մէջ:

Ամալեայ Կարապետեան

արիտունցիներ1

Scroll Up