Եթէ ԱՄՆ-ը պիտի դատապարտէ Հայերու ցեղասպանութիւնը, թող դատապարտէ նաեւ Բրիտանիան

«Եթէ ԱՄՆ-ը դատապարտէ Հայերու ցեղասպանութիւնը, թող վճռականօրէն դատապարտէ Բրիտանիան Հնդկաստանի մէջ ցեղասպանութեան համար: Անկէ ետք շարքային հնդիկները պիտի պահանջեն, որ իրենցմէ ներողութիւն խնդրեն եւ փոխհատուցում տրամադրեն իրենց: Քիչ չեն այն հնդիկները, որոնք կը յիշեն այդ հոլոքոստը եւ տուժած են անկէ», – յայտարարած է հնդիկ վերլուծաբան Ռակէշ Քրիշնա Սիմհան, news.am-ի փոխանցմամբ` կը գրէ «Србиjа данас» («Սերպիան այսօր») պարբերականը` վկայակոչելով «Սպուտնիկ» գործակալութիւնը:
Յիշեցնենք, որ 1942 թիւին Պենկալիան հացահատիկի առատ բերք հաւաքած է, բայց բրիտանացիները բոլորը տարած են իրենց երկիր` Հնդկաստանի բազմաթիւ հատուածներու եւ Պանկլատիշի մէջ սովի պատճառ դառնալով․ անոնք կը վախնային ճափոնցիներու ներխուժումէն եւ կը կիրառէին կրակի մատնուած հողի մարտավարութիւնը: Այս քաղաքականութիւնը 3 միլիոն հնդիկի կեանք արժեց: