Թրքական Համալսարանը Զապէլ Եսայեանի Մասին Ներկայացում Կը Բեմադրէ Երեւանի Մէջ

Սթամպուլի Պողազիչի  համալսարանի կանանց ուսումնասիրութիւններու ակումբը պոլսահայ գրող Զապէլ Եսայեանի մասին ներկայացում մը բեմադրած է: Թրքական «Ozgur-gundem» լրատուական կայքի տեղեկացմամբ`  «Զապէլ» խորագիրով բեմադրութիւնը ներկայացուած է մշակութային բազմազանութեան օրերու ընթացքին:

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Պողազիչի համալսարանի թատերասրահին մէջ  բեմադրուած ներկայացումը Յունիս 2-ին  կը ցուցադրուի նաեւ Երեւանի մէջ:

Զապէլ Եսայեան ծնած է 1878 թուականին Իսկիւտարի մէջ: Յաճախած է Սորպոնի համալսարանի գրականութեան եւ  փիլիսոփայութայն բաժամնունքը:

Եսայեան 1908 թուականին վերադարձած է Կ.Պոլիս, Ատանայի ջարդերու առիթով ստեղծուած պատուիրակութեան կազմին մէջ 1909 թուականին մեկնած է Կիլիկիա, «Ազատամարտ» թերթին մէջ տպագրած է յօդուածներ աղէտին մասին: 1915-ին կրցած է  խոյս տալ ձեռբակալութենէ եւ ապաստանած է Թիֆլիս: 1918 թուականին Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ կազմակերպած է հայ տարագիրներու եւ ողբերու հաւաքման ու տեղաւորման գործը: 1933 թուականին հաստատուած է Խորհրդային Հայաստան: 1936 թուականին գրողներու միութեան մէջ իր ելոյթին կը յաջորդէ այդ տարիներուն զանգուածային դարձած չարագուշակ երեւոյթը` չսպասուած ժամին դրան թակոցը, ապա եւ ձերբակալութիւնը: Պաքուի բանտէն գրողին գրած նամակները խօսուն են` նոյն տոկուն, խիզախ կեցուածքը: Անոր կեանքի դրամատիկական աւարտը` ողբերգական մահուան հանգամանքները մինչեւ այժմ անյայտ են: 1937-ի ստալինեան բռնաճնշումներու ընթացքին ձերբակալուեցաւ եւ Սիպիր աքսորուելով` մահացաւ 1942 կամ 1943-ին, անյայտ պայմաններու մէջ:

Scroll Up