Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած համերգ տեղի ունեցած է

Հայ երաժիշտները Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած համերգով հանդէս եկած են երկրի լաւագոյն իրադարձութիւններէն մէկուն` Պէյթէտտին արուեստի փառատօնին: Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի գլխաւոր արտադրող Արման Պադարեան Լիբանանէն «Արմէնփրէս»ին հետ զրոյցին տեղեկացուց, որ Ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը`Հայաստանի պետական կամերային եւ «Հովեր» պետական կամերային երգչախումբերուն հետ Օգոստոս 8ին փայլուն ելոյթ ունեցած է Beiteddine Art Festivalի ծիրէն ներս:
«Համերգը մեկնարկած է Խաչատրեանի Սպարտակ սիւիտի կատարմամբ: Այնուհետեւ բեմ բարձրացած է մեր անուանի եւ տաղանդաւոր ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեան, որ նուագախումբին հետ փայլուն կերպով կատարած է Պրամսի Ջութակի կոնսերտը: Այս կոնսերտի մասերու կատարման ժամանակ բուռն ծափողջոյններ հնչած են»,տեղեկացուց Արման Պադարեան:
Երեկոյի ընթացքին նուագախումբը եւ երգչախումբերը ղեկավարած է ՀԱՖՆ գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Էդուարդ Թօփչեան: «Երկրորդ բաժինին մէջ հնչած է Մոզարտի Ռեքուիեմը: Հնչած է Տիգրան Մանսուրեանի Ռեքուիեմէն հատուած: Անդադար ծափահարութիւններէն եւ «պրաւոեներէն յետոյ համերգը աւարտած է: Երեկոյին մասնակցած է մօտ 3000 հանդիսատես: Համերգի բոլոր մասնակիցները, աշխատակազմը, VIP հիւրերը իրենց կուրծքին կրած են «Անմոռուկ»: Այդ խորհրդանիշով զարդարուած եղած է նաեւ բեմը», աւելցուց Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի գլխաւոր արտադրողը: Որպէս մենակատարներ համերգային երեկոյի ընթացքին հանդէս եկած են նաեւ մեներգիչներ Իրինա Զաքեան (սոփրանօ), Պերճ Քարազեան (թենոր), Նարինէ Անանիկեան (մեցցօ սոփրանօ) եւ Սարգիս Բաժբէուկմելիքեան (պարիտոն):