Նիւ Եորքի «Շուշի» պարախումՆիւ Եորքի «Շուշի» պարախումբը համերգով հանդէս եկած է Ստեփանակերտի մէջ համերգով հանդէս եկած է Ստեփանակերտի մէջ

Երէկ` ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր տաճարի «Շուշի» պարախումբի համերգը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

«Արցախփրէս»-ի թղթակիցի հետ զրոյցին «Շուշի» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Սեդա Փասքալեան-Քանդարճեան նշած է, որ տաս տարի առաջ  եղած են Արցախի մէջ, իսկ ասիկա իրենց երկրորդ այցն է:

«Մինչ Արցախ գալը, մենք ելոյթներով հանդէս եկած ենք նաեւ Մոսկուայի եւ Երեւանի մէջ, ուր բարձր  գնահատած են հայկական ազգային երգն ու պարը»,-ըսած է Սեդա Փասքալեան-Քանդարճեան եւ աւելցուցած, որ այս տարի լրացած է պարախումբի 23 տարին:

Գեղարուեստական ղեկավարի խօսքով` «Շուշի» պարախումբը ունի 110 անդամ, ուր ընդգրկուած են 5-33 տարեկան եւ՛ աղջիկներ եւ՛ տղաներ: «Այս անգամ Արցախ եկած  ենք 55 պարողներով, ինչպէս նաեւ մեզի եկած են Լոս Անճելըսէն 3 երգիչներ եւ Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Մայր տաճարի երգչախումբի լաւագոյն կատարողները»,-նշած է Փասքալեան-Քանդարճեան եւ աւելցուցած, որ նման այցերը շարունակական պիտի ըլլան:

Նշենք, որ 1992թ. հեռաւոր Նիւ Եորքի մէջ բնակող  խումբ մը երիտասարդներ, համախմբուելով Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ հովանիի ներքոյ, հիմնած են պարախումբ, որուն 1995թ. Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձի առիթով «Շուշի» անուանեցին: Պարախումբը մեծ ճանաչում ունի եւ բազմաթիւ հիւրախաղեր  ունեցած է տարբեր երկիրներու` յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ: 2013թ. «Շուշի» պարախումբը ընտրուած է ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած Միջազգային պարային խորհուրդի անդամ:

Scroll Up