Ընդունելութիւն ՀՀ սփիւռքի նախարարին մօտ

Օգոստոս 3-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընունեց Կլենտելի (ԱՄՆ) քաղաքային խորհուրդի լիազօր անդամ Վարդան Գարպեթեանը եւ  ՀՄԸՄ Կլենտելի մասնաճիւղի ատենապետ Թոմիկ Աբրահամեանը` ուղեկցութեամբ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի անդամ Նունէ Մարգարեանի:

Մինչ զրոյցը սկսիլը` նախարարը խոր ցաւակցութիւն յայտնեց Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերուն մասնակցելու նպատակով ԱՄՆ-էն Հայաստան ժամանած Լեւոն Թովմասի ողբերգական մահուան կապակցութեամբ, որ տեղի ունեցած էր Օգոստոս 1-ին Ծաղկաձորի մէջ` դժբախտ պատահարի հետեւանքով:

Զրոյցի ընթացքին նախարարը բարձր գնահատեց Համահայկական 6-րդ խաղերուն Կլենտելի եւ Մոնթրոուզի մարզիկներու պատուիրակութեան մասնակցութիւնը ապահովելու համար Կլենտելի քաղաքային խորհուրդի աջակցութիւնը` շեշտելով, որ յատկապէս արտերկրի մէջ մարզանքը կը նպաստէ հայապահպանութեան եւ հայրենակիցներու հետ շփումներուն:

Անդրադառնալով ամենահայահոծ հայ համայնքի կրթական, մշակութային եւ մարզական ասպարէզներուն մէջ ունեցած յաջողութիւններուն, նախարարը իր գոհունակութիւնը յայտնեց համայնքի կազմակերպութիւններու գործունէութեան վերաբերեալ եւ խորհուրդ տուաւ առաւել մեծ ուշադրութիւն նուիրել երիտասարդութեան հետ տարուող աշխատանքին եւ արժանիներուն աջակցիլ տեղ գրաւելու երկրի բարձրագոյն ատեաններուն մէջ: Այնուհետեւ, հիւրերուն ծանօթացուց նախարարութեան ծրագիրներուն` նշելով, որ Կլենտելէն կ’ակնկալէ աւելի աշխոյժ մասնակցութիւն այդ ծրագիրներուն, քանի որ որքան ալ օտար երկիրներու մէջ ջանք ու եռանդ տրամադրուին ազգային ինքնութեան պահպանման, միեւնոյնն է` ամենաազդեցիկը կենդանի շփումներն են Հայաստանի հետ:

Հիւրերը նախարարին պատմեցին Համահայկական 6-րդ խաղերուն Կլենտելէն եւ Մոնթրոուզէն մասնակցող մարզական խումբերու, Կլենտելի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն մասին:

Երկուստեք կարեւոր համարուեցաւ նախարարութեան հետ կապերու սերտացումը եւ համատեղ ծրագիրներու իրականացումը:

Հանդիպման աւարտին Վարդան Գարպեթեան նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին յանձնեց Կլենտելի քաղաքային խորհուրդի գնահատանքի հաւաստագիրը:

 n2 n4

 

Scroll Up