Ուխտագնացութիւն Սուրբ Թադէոս Առաքեալի վանք

Յուլիս 24-25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան “ատրպատականի հայութեան օրեր Հայաստանի մէջ” ծրագրի ծիրէն ներս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ատրպատականի թեմի առաջնորդարանի, ԻԻՀ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ ՀՀ-ի մէջ ԻԻՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ, “Իրան-Հայաստան բարեկամութեան միութիւն” հասարակական կազմակերպութեան հրաւէրով կազմակերպուեցաւ ուխտագնացութիւն դէպի Իրանի Ատրպատական նահանգի Սուրբ Թադէոս Առաքեալի վանք, որ 2008 թուականէն ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկի մէջ: Ուխտագնացութեան կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները` նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանի ղեկավարութեամբ, Սփիւռքահայ ուսանողներու խորհուրդի, Հայ կանանց միջազգային ընկերակցութեան, “Հայֆիլմի” ներկայացուցիչները եւ այլ մասնակիցներ:

Իրանական կողմէն ուխտագնացութեան կը մասնակցէին Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ.Սեպուհ արք. Սարգսեանը, Ատրպատականի նահանգապետը, Չալդրանի կուսակալը, իրանահայ երեք թեմերու ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչները: Եռօրեայ ուխտագնացութեան առիթով մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութիւն` Ս.Թադէոս առաքեալի աջով: Սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց “Կոմիտաս” երգչախումբը` երաժիշտ Վարդան Վահրամեանի խմբավարութեամբ: Ատրպատական Այցը վերածուեցաւ Իրանի մէջ “հայ մշակոյթի օրերու”: Ազգային, կրօնական ուխտին մասնակցած էին հազարաւոր հայ, ասորի եւ կաթոլիկ ուխտաւորներ, ովքեր բազմամեայ աւանդոյթի համաձայն` համախմբուած էին Իրանի Ատրպատական նահանգի մէջ գտնուող Սուրբ Թադէոս Առաքեալի վանքի տարածքին: Ուխտագնացներու Խումբը այցելեց նաեւ Դարաշամբի Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ վանք (նաեւ` Մաղարդավանք), որուն պատկերաքանդակները իրենց գեղարուեստական բարձր արժանիքներու եւ ինքնատիպ առանձնայատկութիւններու շնորհիւ կը դասուին ուշ միջնադարի գլուխգործոցներու շարքին:

Այնուհետեւ խումբը այցելեց Արաքս գետի ափին գտնուող Հին Ջուղայի Հովիւի մատուռ կամ Անդէորդիի եկեղեցի, որ բացառիկ դիրք ունի, երեք կողմէն շրջապատուած է ժայռերով եւ կառուցուած է թեք ձորալանջի վրայ: Վերանորոգուած Հովիւի մատուռը կը վկայէ, որ ի տարբերութիւն Արաքս գետի միւս ափին գտնուող Ատրպէյճանին, որ մշակութային ցեղասպանութեան եւ վանտալիզմի իր քաղաքականութիւնը կիրառելով` ոչնչացուցած է Հին Ջուղայի խաչքարերը, Իրանը կը վերանորոգէ մեր պատմական եկեղեցիները: Հովիւի եկեղեցին եւս 2008թ. գրանցուած է ԵՈՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկի մէջ, որմէ ետք Իրանի եկեղեցիներու կեդրոնը, որ Իրանի մշակութային ժառանգութիւններու յարակից բաժիններէն է, վերանորոգած է եկեղեցին: Վերանորոգումը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Վերականգնող մասնագէտները` Մարտին եւ Արմենակ Չոլաքեանները հրաւիրուած են Հայաստանէն:

2015թ. տեղի ունեցած ուխտագնացութիւնը 61-րդն էր, ան համընկաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի հետ, ուստի այդ առիթով Յուլիս 24-ի երեկոյեան Սուրբ Թադէոս Առաքեալի վանքի տարածքին տեղի ունեցաւ “Սասունցի Դաւիթ” երաժշտականացուած թատերական ներկայացումը, զոր նախաձեռնած էր Թաւրիզի ՀՕՄ-ի մասնաճիւղը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Տ.Գրիգոր ԵՊՍ.Չիֆթճեանի եւ Թեմական խորհուրդի հովանաւորութեամբ:

Այս տարի եռօրեայ ուխտագնացութեան աւարտին` Սուրբ Թադէոս Առաքեալի վանքէն ներս` հազարաւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ բոցավառեցաւ եւ օրհնուեցաւ Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերու ջահը: Ջահը վառելու եւ օրհնելու արարողութեան մասնակցեցան Հայաստանի եւ Իրանի պետական այրեր, իրանահայ երեք թեմերու ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ:

Scroll Up