Դեսպան Սհոյեան Յանձնեց Սփիւռքի Նախարարութեան Մետալներ
Ապրիլ 11-ին Պուլկարիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան մէջ կայացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ տրուած պարգեւներու յանձնման արարողութիւնը:
Պուլկարիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Արսէն Սհոյեան յանձնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ մետալներ Պուլկարիոյ Լրագրողներու միութեան նախագահ Սնեժանա Տոտորովային, Փլովտիւ քաղաքի համայնքային խորհուրդի անդամ Սպաս Գռնեւսկին եւ կրօնական համայնքներու ազգային խորհուրդի նախագահ փրոֆէսոր Ռուբէն Գրիգորեանին:
§Յակոբ Մեղապարտ» մետալներ յանձնուեցան փրոֆէսոր Յակոբ Կարապետեանին եւ §Հայ Դատ» յանձնախումբի համանախագահ, §Երեւան» թերթի գլխաւոր խմբագիր Վարդանուշ Թօփաքպաշեանին:
§Ուիլեամ Սարոյեան» մետալը յանձնուեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Սոֆիայի մասնաճիւղի ատենապետ Սոնեայ Աւագեանին:
§Արշիլ Գորկի» մետալը յանձնուեցաւ Սոֆիայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ նախագիծի հեղինակ, գլխաւոր ճարտարապետ Յակոբ Քարաքաշեանին:
ՀՀ դեսպանը շնորհաւորեց պարգեւատրուածներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացմանն ու ճանաչմանը նպաստելու, հայապահպանման գործին մէջ ունեցած աւանդի, հայ մշակոյթի տարածման նպաստող գործունէութեան, Սփիւռքի միջհամայնքային կապերու ամրապնդման գործին մէջ ներդրում ունենալու եւ դեսպանութեան հետ համագործակցութեան համար: