Արի տուն-2015.Մեկ օր Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարին
“Արի տան” գոյնով է ներկուել
Կարօտից արթնացած հոգիս,
Այսօր ես տուն եմ եկել,
Երկիրս կանգնած է կողքիս
Աչքերս ժպիտ են հագել,
Թախիծը անցել է խոր քուն,
Ու սիրտս իր տօնը սարքել
Երգում է այսօր “Արի տուն”
Մէկը ըսած է. “պարը բանաստեղծութիւն է, իսկ պարային իւրաքանչիւր շարժում անոր բառերն են”: Իսկ թէ ինչ հետաքրքրական “բանաստեղծութիւններ” կը կերտեն արիտունցիները, կարելի է տեսնել միայն “Արի տուն” ճամբարին: Ճամբարային օրերէն մէկուն ժամանակ այցի գացի անոնց եւ մասնակցեցայ պարի դասընթացին: Մասնակիցներու շարժումները աւելի շատ ոչ յանգաւոր տողեր կը յիշեցնէին եւ անով իսկ աւելի հետաքրքրական կը դառնայ: Վանուշ Խանամիրեանի անուան Հայաստանի պարարուեստի գործիչներու միաւորման անդամ, “Տաւրոս” ազգագրական համոյթի գեղարուեստական ղեկավար պարուսոյց Լիւդուիգ Պօղոսեանն արիտունցիներուն կը սորվեցնէր “Ուէր վերի” հայկական պարի խումբին պատկանող “Բատոլա” պարատեսակը:
“Ազգային ինքնութեան պահպանման համար կայ երեք նախապայման` լեզուն, կրօնը եւ մշակոյթը: “Արի տուն ճամբարին կան հայը հայ պահելու բոլոր նախապայմանները: Ակնյայտ է յատկապէս ղեկավարներու սրտցաւ վերաբերումը երեխաներու հանդէպ: Կ’ափսոսամ, որ շուտ չեմ եկած ճամբար: Երեխաները շատ հաւնած եմ, շուրջ 150 մասնակից են, բայց այնքան հեշտ է անոնց հետ աշխատիլը, բոլորն ալ լսող են”, – կ’ըսէ պարոն Պօղոսեանը:
Մինչ մենք կը զրուցէինք, երեխաները վոլէյպոլ կը խաղան, եւ ուշադրութիւնս գրաւեց յատկապէս անոնց զիջողական խաղը: “Այո, իրենք շատ հաշտ կը խաղան, ու միշտ հետաքրքրական խաղեր կը կազմակերպեն”, – կ’ըսէ պարուսոյցը, – “երեկոյեան գացած էի անոնց խաղերը դիտելու: Կազմակերպած էին “կը փնտռենք տաղանդներ” խաղը, ու չէք պատկերացներ որքան տաղանդաւոր են անոնք: Աղջիկներէն մէկը Էնզելի պարեց, եւ ես զարմացած էի: Սփիւռքի նախարարութիւնը շատ մեծ գործ կ’ընէ` կազմակերպելով նման ծրագիր: Ան կ’օգնէ պահպանել հայ մշակոյթը, հայ արուեստը, հայ ինքնութիւնը աշխարհի տարբեր երկրներու մէջ: Լաւ կ’ըլլար, որ նման ծրագիրներ շատ ըլլային”:
Մարիաննա Անանեան