Հանդիպում եւ մրցանակի յանձնում ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ

22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ  Յակոբեան հանդիպեցաւ «Ռատիօ ԱՅԳ»-ի (ԱՄԷ) հիմնադիր Շաքէ Մանկասարեանին, անոր քոյրեր Սեդա, Լուսին Մանկասարեաններուն եւ ռատիոյի խորհուրդի միւս անդամներուն հետ:

Հանդիպման կը մասնակցէին Գանատայի Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ ազգային շաբաթօրեայ վարժարանի սաները` դպրոցի փոխտնօրէն Արա Տէր-Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց «Ռատիօ ԱՅԳ»-ի գործունէութիւնը հայապահպանութեան եւ ազգային արժէքներու տարածման գործին մէջ: «Առանց նիւթական շահ հետապնդելու,  սիրելի Շաքէ, Դուք եւ Ձեր ողջ աշխատակազմը ժամանակ, ջանքեր ու մեծ եռանդ էք ներդնում հայ ազգային արժէքների պահպանութեան, Սփիւռքում երիտասարդ սերնդի հայեցի դաստիարակութեան կարեւոր գործում: Ուրախ եմ, որ յաջողութեամբ համագործակցում էք նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային թերթի, ինչպէս նաեւ հայաստանեան լրատուամիջոցների, մասնաւորապէս` «Երկիր Մեդիա» եւ «Արմէնիա» հեռուստաընկերութիւնների եւ Հայաստանի ազգային ռատիոյի հետ` այդպիսով արեւմտահայ լեզուն սփռելով Հայաստանում, իսկ արեւելահայերէնը` Սփիւռքի հայ համայնքներում»:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ի դէմս Մանկասարեան քոյրերուն,  «Ռատիօ ԱՅԳ»-ին յանձնեց Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար մրցանակաբաշխութեան «Հայոց Ցեղասպանութիւն. 100-րդ տարելիցին ընդառաջ լաւագոյն հրապարակում» անուանակարգին մէջ ստացած մրցանակը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր գնահատանքի համար` Շաքէ Մանկասարեան նշեց, որ Հայրենիք այցելութիւնը եւ այս մրցանակը նոր խթան կը հանդիսանան «Ռատիօ ԱՅԳ»-ի ողջ աշխատակազմին համար` առաւել ոգեշնչուած եւ արդիւնաւէտ աշխատելու համար:

Ինչպէս նշեց Շ.Մանկասարեան, «Ռատիօ ԱՅԳ» առցանց կայանի հեռարձակումը սկսած է 2011 թուականէն, եթերները կ’ընգրկեն սփիւռքեան եւ հայրենի լրատուութիւն, քաղաքական, հոգեւոր (Աւետարանի մեկնութիւն, Սուրբ Պատարագի հեռարձակում եւ այլն) մշակութային հաղորդումներ, հարցազրոյցներ, իսկ երաժշտական կատարումներէն առաւելագոյն տեղը կը յատկացուի ազգային երգարուեստին` ժողովրդական, աշուղական, գուսանական, հայկական եւ համաշխարհային դասական երաժշտութեան:

«Ռատիօ ԱՅԳ»-ին եւ Շաքէ Մանկասարեանին իրենց գովեստի խօսքերը ուղղեցին ռատիոյի խորհուրդի անդամները: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ յատկապէս նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին ջերմ ընդունելութեան ու գնահատանքին համար եւ հաւաստիացուցին, որ սիրով ու նոր լիցքերով պիտի շարունակեն Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման կոչուած գործունէութիւնը ռատիոյէն ներս:

m3

m1m2

Scroll Up