ՀԵԴ-ի Պըրպենքի «Վարագ» Ուխտի Արուեստի Ցուցահանդէսը

Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Պըրպենքի «Վարագ» ուխտը կը հրաւիրէ հանրութիւնը ներկայ գտնուելու իր տարեկան 3րդ Արուեստի ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 8 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Պըրպենքի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ։ Այնտեղ պիտի ցաւցադրուին աւելի քան 200 միջին չափի արուեստի գործեր՝ ներկայացուած շրջանի արուեստագէտներու կողմէ։
Մուտքը ազատ է բոլորին. պիտի կատարուի հիւրասիրութիւն եւ գործադրուի ժամանցի յայտագիր։
Այն արուեստագէտները, որոնք հետաքրքրուած են իրենց գործերը ցուցադրելով, թող բարեհաճին PDF-ով ներբերել պահանջուած դիմումնագիրը եւ զայն լրացնելով՝ ուղարկել ե-նամակով,
varakartshow@ayfwest.org հասցէին։ Արուեստի գործերը ներկայացնելու պայմանաժամը 1 Օգոստոսի կես գիշերուան ժամը 11։59ն է։ Սակայն, նկատի ունենալով, որ տեղերը սահմանափակ են, կը թելադրուի արուեստի գործերը կարելի եղածին չափ շուտ ներկայացնել։