Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին Նուիրուած Հայ Դատի Հաւաք Լաս Վեկասի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/02/0000ANCAW-Las-Vegas.jpg)
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած նախաձեռնութեանց շարքին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կազմակերպած է հանրային հաւաքներու շարք մը։
Արիզոնայի եւ Թեքսասի մէջ, յաջորդաբար՝ Մարտ 1ին եւ Մարտ 14ին կայանալիք հաւաքներուն կողքին, որոշուած է հաւաք մը իրականացնել նաեւ Լաս Վեկասի մէջ, Մարտ 8ին, կ.ե. ժամը 1:30ին, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ սրահին մէջ (2054 E. Desert Inn Road)։
Նշեալ գաղութներու կազմակերպական կեանքը աշխուժացնելու միտող այս հաւաքներուն կողքին, կարգ մը աշխատանիստեր ու քննարկումներ եւս պիտի իրականացուին՝ նահանգներէն ներս հայամէտ բանաձեւերու վաւերացման աշխատանքները առաջնորդելու եւ համայնքներու քաղաքական գործունէութիւնը ճիշդ հունի մէջ դնելու նպատակով։
Այս ծրագիրներու կազմակերպման աշխատանքները ստանձնած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային զարգացման ծրագիրները համակարգող Սիմոն Մաղաքեանը, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեանի հետ պիտի այցելէ նշեալ համայնքները։
Անցեալ տարի, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նման հաւաքներ իրականացուցած էր նաեւ Պոյզիի, Հիւսթընի, Սիէթըլի, Ֆինիքսի, Լաս Վեկասի, Ֆրեզնոյի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել info@ancawr.org հասցէին կամ (818) 500-1918 թիւին։
http://asbarez.com/