«100 Տարի Ետք Շարունակուող Պատմութիւններ՝ Սահմանի Երկու Կողմերէն»

Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 19ին, երեկոյեան ժամը 8:30ին տեղի պիտի ունենայ հանդիպում մը լրագրող Յարութ Էքմանեանի հետ, որ պիտի ներկայացնէ «100 տարի ետք շարունակուող պատմութիւններ՝ սահմանի երկու կողմերէն» նիւթը, կը հաղորդէ asbarez.com-ը:

Տեղի պիտի ունենայ նաեւ «40 Օրեր Վագըֆ Գիւղին Մէջ» վաւերագրական տեսաժապաւէնի ցուցադրութիւնը։

Ծրագրուած է հարցում-պատասխանի պահ մը՝ հայերէնով, արաբերէնով, անգլերէնով եւ թրքերէնով։

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ միութեան «Հրանդ Տինք» դասախօսական սրահին մէջ (19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306)։
Մուտքը ազատ է, եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։

Scroll Up