«Սփիւռք ամառնային դպրոց-2015». Ինքնութենէն հեռացում չկայ, կայ վերադարձ

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք ամառնային դպրոց-2015» ծրագիրի ծիրէն ներս կը  շարունակուի սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստումը: Հէնց անոնց ցանկութեամբ չնախատեսուած հանդիպում տեղի ունեցաւ սոցիալական հոգեբանի հետ, որ ուսուցիչներուն ներկայացուց երեխաներու հոգեբանութեան առանձնայատկութիւնները, անոնց հետ աշխատելու առաւել արդիւնաւէտ տարբերակներն ու մեթոտները, պատիժներու ու խրախուսանքներու հաւասարակշռութեան պահպանման կարեւորութիւնը: Դասընթացքը իրօք սպասուած էր, ատիկա կը վկայէր ուսուցիչներու հարցերու առատութիւնն ու ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը:

Էմմա Մարտիրոսեան, որ եկած է Ֆրանսայի Մարսէլ քաղաքէն, հոգեբանի առաջարկած մեթոտներէն  քանի մը հատին արդէն իսկ տեղեակ էր եւ կիրառած ու կը կիրառէ իր ուսուցչական փորձաշրջանին: Աշակերտներուն հետ ուսուցչուհին հիմնականին մէջ կը սկսի զերոյէն` առանց որեւէ ուղեցոյցի: Ծրագիրներն ու մատուցուող նիւթը անձամբ կը պատրաստէ` հաշուի առնելով երեխաներու ընդունակութիւններն ու սպասելիքները: «Իւրաքանչիւր երեխայի համար կ’ընտրեմ իր մեթոտը, քանի որ երեխան ալ   անհատականութիւն է, ունի  բնաւորութեան որոշակի գիծեր, որ մնացածներուն մօտ չեն կրկնուիր, իւրօրինակ են, եւ պէտք է առանձին աշխատանք տանիլ: Ես նաեւ աշխատած եմ Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի մեթոտիկայի բաժանմունքին մէջ, եւ այս գիտելիքներուն վաղուց կը  տիրապետեմ, սակայն պիտի նշեմ, որ անով հանդերձ` դժուարութիւններ ի հարկէ կ’ըլլան»,- կը նշէ տիկին Մարտիրոսեան ու կ’աւելցնէ, որ հէնց այդ դժուարութիւններու յաղթահարման բանալին գտնելու համար  եկած են այս վերապատրաստման եւ արդէն իսկ քաղած են առաջին օգտակար պտուղները:

Ուսուցչուհին սորվեցնելու եւ կրթելու իր ոճն ու ձեռագիրը ունի. ամէն ինչ մատուցել պարզ, հասկնալի, բայց ոչ սկզբնական ձեւով: «Իմ աշակերտներս օրական առնուազն 25-է 30 բառ սորված կ’երթան տուն, կը փորձեն կազմել փոքրիկ, պարզ նախադասութիւններ, կը տիրապետեն հաղորդակցութեան առաջնային տեխնիկաներուն: Տարեկան ընդամէնը 36 ժամ դաս ունինք եւ պիտի հասցնենք ամէն ինչ: Ատիկա  գործնականօրէն բարդ է»,- կը պատմէ Էմմա Մարտիրոսեան: Սակայն ան գտած է արդիւնաւէտ լուծումը: Չըլլալով հայոց պատմութեան ուսուցչուհի` տիկին Մարտիրոսեան սկսած է ինքնուսուցումով, յետագային ուսումնասիրած երեխաներու հետաքրքրութիւնները ու առաջնորդուած օգտակարը հաճելիին հետ համատեղելու կարգախօսով: «Տէ դասաժամերը քիչ են, օրինակ` պատմութեան պարագային պիտի ներկայացնենք մեր անցեալի հիմնաքարերը: Երեխաները հաճոյքով կը լսեն ու կ’իւրացնեն Հայկի ու Բէլի պատմութիւնը, որովհետեւ ատիկա անոնց հնարաւորութիւն  կու տայ բացայայտելու իրենց արմատները, ծանօթացնելով իրենց ծագման: Մնացած հայկական  առասպելները եւս կը սիրեն. ասոնց միջոցով ալ կը պարզեն ու կը հասկնան մեր ազգային գիծերը` հերոսականութիւն, արիութիւն, հզօրութիւն, գեղեցկութիւն, ծռութիւն կամ միամտութիւն, բարութիւն, մեծահոգութիւն»,- կ’ըսէ տիկին Էմման:

Երեխաներուն կը մատուցէ նաեւ փոքրիկ անգիրներ ու հանելուկներ, որոնք լաւ  կը տպաւորուին ու կը յիշուին: Սակայն ուսուցչուհին  խնդիր մը կը  տեսնէ. շատ յաճախ հայերը կը բաժնուին երկու խումբի` արեւելահայերէն խօսողներ եւ արեւմտահայերէն խօսողներ, տեղի կ’ունենայ  տեսակ մը մրցակցութիւն եւ բաժանուածութիւն: Տիկին Մարտիրոսեան յաճախ կը բացատրէ անոնց, որ իրենք հայ են, որ հայերէնը մէկ է, որ լեզուի այս երկու ճիւղերը ունին հաւասար գոյութեան իրաւունք, որովհետեւ կը վկայեն մեր մայրենիի հարստութեան մասին, եւ կարծես թէ մանկավարժի զրոյցները անտեղի չեն անցնիր:

8 տարուան մէջ երեխաներու թիւը 5-էն 61-ի հասցուցած տիկին Էմման ամբողջութեամբ նուիրուած է իր գործին: Ան կը  նկատէ, որ ինքնութենէն  հեռացում չկայ, կայ վերադարձ: «Ֆրանսախօս հայերը, որ միայն ազգանունով  հայ են, իրենց երեխաները կը բերեն հայերէն սորվելու: Ունիմ աշակերտ, որուն մեծհայրը հայ եղած է, սակայն բռնի ձուլուած են թուրքերուն մէջ: Հիմա մայրը գիտակցաբար կը բերէ երեխան հայերէն սորվելու: Հիանալի երեխայ է, հայկական շատ կեներ ունի ու չնայած թրքական ազգանունով կ’ապրի, բայց այս պարագային ատիկա   չի խանգարեր մեզի»,- կը նշէ Էմմա Մարտիրոսեան: Ըստ մասնագէտի` եթէ լեզուէն փոքր ինչ հեռացում կայ, ապա հաւատքի պարագային որեւէ շեղում չկայ: Հայերը առաւել քան պահպանողական են այս պարագային:

Տիկին Մարտիրոսեան վերապատրաստման դասընթացքին մանկավարժին յարիր աչալրջութեամբ կը վերաբերի ու կը փորձէ որեւէ բան չկորսնցնել: Իր դպրոցին մէջ սենարներ գրող եւ բեմակամնացումներ պատրաստող ուսուցչուհին յոյս ունի յետագայ դասընթացներուն հանդիպիլ սենարիստի եւ բեմադրիչի հետ նոյնպէս, որպէսզի կատարելագործէ այդ հմտութիւնները եւս:

Ամալեայ Կարապետեան

ԵՊՀ լրագրութեան բաժանմունքի 4-րդ դասարանի ուսանողուհի

Scroll Up