Հալէպի մէջ կայացած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Սուրիոյ կեդրոնական մարմինի նիստը

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Սուրիոյ կեդրոնական մարմինը անցնող օրերուն Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Սուրէնեան» դահլիճին մէջ նիստ գումարած է, կը գրէ «Արմէնփրէս»ը:
Նիստը նախագահած է Բերիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգսեան, Հայ Կաթողիկէ առաջնորդ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ եպս. Նալպանտեան:
Նիստի հիմնական թեման էր լսել Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Սուրիոյ կեդրոնական մարմինի գործունէութիւնը եւ յառաջիկայ ծրագիրները Սուրիոյ տարածքին մէջ: Հալէպի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող մարմինի ատենապետներէն Ժիրայր Ռէիսեան ժողովին ներկայացուցած է մինչեւ այժմ տեղի ունեցած 30-է աւելի տարբեր ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ օրերուն Հալէպի մէջ տեղի ունենալիք տարբեր ձեռնարկներու յայտագիրները:
Նիստին ներկայացուած է նաեւ գործադիր մարմինի կողմէ յատուկ պատրաստուած տեղեկագիր եւ մէկական օրինակ յանձնուած է համայնքապետներուն, կազմակերպութիւններուն ու երկու բարեգործական միութիւններուն:
Տ. Արմաշ Նալպանտեան նոյնպէս ներկայացուցած է Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներն ու յառաջիկայ ծրագիրը:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Սուրիոյ կեդրոնական մարմինի տնօրէն Աւօ Գաթրճեան հակիրճ ներկայացուցած է մինչեւ այժմ տարուած աշխատանքներն ու Հալէպի պատերազմական թէժ պայմաններուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Սուրիոյ կեդրոնական մարմինի տեղեկատուական աղբիւրը, որ մինչեւ օրս կատարուած ձեռնարկները հաղորդակցական դժուարին պայմաններուն մէջ կը տարածէ աշխարհի մէջ: