Սուրիահայութեան Ի Նպաստ Համերգ Հոկտեմբերին

Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինը (SARF) կը տեղեկացնէ, որ ընդառաջելով կատարուած խնդրանքին՝ Համազգայինի «Սայաթ Նովա» երգչախումբը եւ «Անի» պարախումբը որոշած են յատուկ ելոյթով մը իրենց մասնակցութիւնը բերել սուրիահայութեան համար կատարուող նպաստի աշխատանքներուն, կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը:

Հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Երկրորդական վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, Հոկտեմբեր 18-ին: Ծրագիրին մէջ ընդգրկուած պիտի ըլլան հայրենասիրական-ժողովրդային երգեր ու հայկական տոհմիկ պարեր: Երեկոյթի հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան մարմինին:

«Չափազանց խանդավառ եւ զգացուած եմ, որ Համազգայինի «Սայաթ Նովա» երգչախումբի եւ «Անի» պարախումբի նման անուանի միաւորներ որոշած են սոյն միացեալ ելոյթով նեցուկ կանգնիլ բոլոր այն հայերուն, որոնք այս օրերուն կը տարապին Սուրիոյ դաժան քաղաքացիական պատերազմին պատճառով: Կոչ կ՛ուղղեմ մեր հայրենակիցներուն ներկայ գտնուելու այս ձեռնարկին ոչ միայն նիւթապէս օգտակար հանդիսանալու, այլեւ ցոյց տալու այս չարիքի հեղինակներուն, թէ սուրիահայութիւնը մինակ չէ», այս առթիւ յայտնեց SARF-ի ատենապետ Ճան Թիթիզեան:

Հանդէսի գեղարուեստական ղեկավարներն են Նորա Ռումեան-Պայրամեան (երգչախումբ) եւ Սուզի Բարսեղեան-Դարբինեան ու Եղիա Հօշալեան (պարախումբ):

Scroll Up