«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Կեդրոնի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Գամիշլիի Ազգ. Եփրատ Վարժարան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/Կամիշլի2.jpg)
Գամիշլիի մեր աղբիւրը յայտնեց, որ Չորեքշաբթի, 23 Մարտ 2016- ին Գամիշլիի «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Մանկախնամ կեդրոնի պաշտօնէութեան անդամները այցելեցին Ազգային Եփրատ մանկապարտէզ եւ մանուկներուն հետ նշեցին Ս. Զատկուան տօնը:
Մանուկները ճոխ մթնոլորտ ստեղծեցին, ներկայացնելով ասմունքներով եւ երգերով հագեցած կոկիկ յայտագիր մը։
Աւարտին տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական հաւկթախաղը:
Ապա փոքրիկները ստացան խորհրդանշական նուէրներ՝ տրամադրուած «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան կողմէ:
Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար: