Աուրորա Մարտիկանեանի ճամպրուկը կը համալրէ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ցուցադրութիւնը

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան­ հիմնարկի այցելուները այսուհետ հնարաւորութիւն կ’ունենան տեսնելու Աուրորա Մարտիկանեանի ճամպրուկը, որմով կը ճամբորդէր ԱՄՆի մէջ «Հոգիներու աճուրդ» ֆիլմի ցուցադրութիւններու ժամանակ:

Ինչպէս «Արմէնփրէս»-­ին տեղեկացուց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան­ հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան, ճամպրուկը թանգարան­ հիմնարկի ցուցադրութիւնը կը համալրէ Յուլիս 15­-ին: «Այս ճամպրուկը յատուկ պատրաստուել է երկարատեւ ճամբորդութիւնների համար: Աուրորա Մարտիկանեանն այն օգտագործել է իր պատմութեան հիման վրայ եւ իր իսկ դերակատարմամբ նկարահանուած ֆիլմը ցուցադրելու ժամանակ` ԱՄՆ-­ի խոշոր քաղաքներում շրջագայելու ընթացքում», ­ ըսաւ Հայկ Դեմոյեան:

«Ոսկէ ծիրան» 12-­րդ ֆիլմի փառատօնի բացման Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան ­հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան հանդիսականներուն ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան ականատես ­ վերապրած Աուրորա Մարտիկանեանի (Արշալոյս Մարտիկեան) պատմութիւնը եւ 1918թ. ԱՄՆ-­ի մէջ նկարահանուած «Հոգիներու աճուրդ» ֆիլմի ցուցադրութիւններուն ժամանակ օգտագործուած Աուրորա Մարտիկանեանի ճամբորդական ճամպրուկը: Աուրորա Մարտիկանեանի ճամպրուկը յայտնաբերուած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան ­հիմնարկի ջանքերով եւ ձեռք  բերուած է «ՎիւաՍԵԼՄՏՍ»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի աջակցութեամբ: Այն Հայաստան  տեղափոխուած է Հրաչ Հաննէսեանի օգնութեամբ: Ճամպրուկին վրայ գրուած է անոր անունը` Aurora Mardiganian եւ ֆիլմի անուանումը` Auction of Souls CO:

Յուլիս 12-­ին Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ «Ոսկէ ծիրան» 12-­րդ ֆիլմի փառատօնի բացման ժամանակ ներկայացուեցաւ այս եզակի մասունքը, ինչպէս նաեւ Աուրորա Մարտիկանեանի յուշագրութեան 1923 թուականին ճափոներէն թարգմանութեամբ լոյս տեսած բացառիկ հատորը, որ հնարաւոր եղած է ձեռք բերել Ճափոնի մէջ բնակող մեր հայրենակիցի ջանքերով:

01

Scroll Up