«Դաւթեան եւ Մարիամեան» կրթական հաստատութեան ղեկավարները Սփիւռքի նախարարութեան մէջ

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց  ԱՄՆ Կլենտէլ քաղաքին մէջ գործող «Դաւթեան եւ Մարիամեան» կրթական հաստատութեան նախագահ Վահիկ Ծատուրեանը եւ տնօրէն` Օֆելեայ Ծատուրեանը:

Բարձր գնահատելով հայապահպանութեան ուղղուած տէր եւ տիկին Ծատուրեաններու ջանքերը` նախարարը կարեւոր համարեց ԱՄՆ հայահոծ շրջաններու շուրջ երեք տասնեակ ամերիկեան դպրոցներու մէջ հայերէն դասընթացներու կազմակերպումը:  Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Յիրաւի, Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութիւնը հաւատարիմ է մնում իր առաքելութեանը, որն է` ամերիկեան պետական դպրոց յաճախող հայ աշակերտներին հայեցի կրթութեամբ եւ դաստիարակութեամբ հայի ոգի սերմանելը, հայրենասէր սերնդի պահպանումը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների նման բազմամշակոյթ երկրում: Ահա թէ ինչու հայ ծնողները իրենց երեխաներին սիրով են բերում մայրենի լեզուն սովորելու: Զարմանալի է, որ կրթօճախում նոյնիսկ այլազգի երեխաներ են յաճախում,  ովքեր ցանկութիւն են յայտնել սովորել հայերէնը»:

Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութեան տնօրէն Օֆելեայ Ծատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ աջակցութեան, մասնաորապէս` կրթահամալիրը դասագիրքերով եւ ուսումնաօժանդակ նիւթերով ապահովելու համար:

Կրթօճախի նախագահ Վահիկ Ծատուրեան ներկայացուց իրականացուող աշխատանքները, առկայ խնդիրները եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս  իրականացուած ձեռնարկները:

Քննարկուեցան Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան առնչուող այլ հարցեր:

Scroll Up