Ամերիկահայ բժիշկ, բարերար Ճոն Յովհաննէս Օյունճեան հիւրընկալուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ

Յուլիս 9-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ամերիկահայ բժիշկ Ճոն Յովհաննէս Օյունճեանը:
Ողջունելով հիւրը` սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց «Օյունճեան» բարեգործական հիմնադրամի ազգանուէր գործունէութիւնը Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Դուք մեծ դերակատարութիւն էք ունեցել Հայաստանի կրթական համակարգի մեկենասութեան գործում: Փառք ու պատիւ Ձեզ: Կրթութիւնն է մեր ազգի գլխաւոր զէնքը, մենք գիտելիքով պէտք ներկայանանք աշխարհին: Մեր նախարարութիւնն իր խոնարհումն է բերում բերում Ձեզ»:
Բարձր գնահատելով Ճոն Յովհաննէս Օյունճեանի աւանդը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ բարեգործական եւ հասարակական գործունէութիւն ծաւալելու, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի միջեւ գործուն կապերը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման ծիրէն ներս մեծ աւանդի համար` սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անոր պարգեւատրեց նախարարութեան «Պօղոս Նուպար» մետալով: Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր պարգեւի համար` պարոն Օյումճեան նշեց. «Փափաքս այն է, որ Հայաստան աւելի հզօր ու գեղեցիկ դառնայ, մարդիկ աշխատանք ունենան ու մնան այստեղ»: Եւ վերջաւորութեան աւելցուց. «Ես բժշկութեան մէջ ինչ որ շահած եմ Հայաստան բերած եմ»:
Յովհաննէս Օյունճեան ծնած է 1922-ին, Պոլիս: Երկար տարիներ իբրեւ ազգային բարերար ծառայած է իր ժողովուրդին:
Ճոն Օյունճեանի ֆինանսական աջակցութեամբ հիմնանորոգուած է Գիւմրիի թիւ 21 միջնակարգ դպրոցը` վերածուելով «Օյունճեան» ուսումնական համալիրի: Բարերարը կ’օգնէ նաեւ դպրոց-վարժարանի շրջանաւարտ սաներու բարձրագոյն կրթութիւնը կազմակերպելու հարցին մէջ: Անոր նիւթական աջակցութեամբ արդէն հարիւրաւոր շրջանաւարտներ ստացած են բարձրագոյն կրթութիւն:
Գիւմրիի մէջ շուտով կը բացուի «Վարդուհի» արուեստի դպրոցը, որուն եռայարկ շինութիւնը ունի բոլոր յարմարութիւնները գիւմրեցի փոքրիկներուն անվճար կրթութիւնը եւ գեղագիտական դաստիարակութիւնը բարձր մակարդակով իրականացնելու համար:
Ընդհանուր առմամբ բարերարը արդէն 6 միլիոն տոլարի ներդրում կատարած է Հայաստանի մէջ:
Ճոն Յովհաննէս Օյունճեան Գիւմրիի Պատուաւոր քաղաքացի է, 2000թ. պարգեւատրուած է «Մխիթար Հերացի» մետալով, 2011թ. «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար երկրորդ աստիճանի» մետալով եւ ՀՀ վարչապետի յուշամետալով: