ՀՀ սփիւռքի նախարարը վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ մեկնեցաւ Ֆրանսա

Յուլիս 3-ին ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ է նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, երկօրեայ աշխատանքային այցով մեկնեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութիւն:
ՀՀ վարչապետը հանդիպումներ կ’ունենայ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Գլոտ Պարտոլոնի, Ֆրանսայի կառավարութեան ղեկավար Մանիւել Վալսի, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի հետ, կ’այցելէ Փարիզի քաղաքապետարանէն ներս բացուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ցուցահանդէս, Ֆրանսայի ու Եւրոպայի մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդարան, կը հանդիպի ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի վարչապետները ֆրանսական Ալֆորվիլ քաղաքին մէջ կը մասնակցին հայկական դպրոցի բացման արարողութեան :