«Մատամ Ֆիկարօ» մրցանակին արժանացած է Ցեղասպանութեան մասին «Օտարերկրացին» գիրքը

Ֆրանսահայ յայտնի գրող, Elle ամսագիրի նախկին գլխաւոր խմբագիր Վալերի
Թորանեանի ընտանիքի պատմութիւնը յայտնուած է ֆրանսական մամուլի եւ
հասարակութեան ուշադրութեան կեդրոնին: Թորանեանի «Օտարերկրացին» գիրքը
արժանացած է ամենամեայ «Մատամ Ֆիկարօ» մրցանակաբաշխութեան գլխաւոր
մրցանակին, Nouvelles d’Armenie պարբերականի յղումով կը գրէ
«Արմէնփրէս»-ը:

Գիրքին մէջ հեղինակի` Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած մեծմօր` Աղաւնիի
պատմութիւնն է: ««Օտարերկրացին» գիրքի պատմութիւնը սարսափելի եւ
ապշեցնող է: Այն կը պատմէ հայերու ողբերգութեան մասին, այն սարսափելի
իրավիճակին մասին, որ յայտնուած են հայերը: Կանայք, որոնք սովէն եւ շոգէն
թոյլցած, տեսնելով, թէ ինչպէս կը խոշտանգեն իրենց ամուսիններուն,
երեխաներուն, վիշտէն կը խելագարուէին, փորձելով անձնասպան ըլլալ»,- ըսած է
Թորանեան` աւելցնելով, որ ողբերգութիւնը չէ կոտրած հայ ժողովրդը եւ
ցեղասպանութենէն փրկուածները կրցած են նոր կեանք ստեղծել` միեւնոյն
ժամանակ իրենց եւ սերունդներու յիշողութեան մէջ պահելով այն սարսափելի
ոճիրը, որ կատարուեցաւ նախորդ դարու սկիզբը:

Scroll Up