«Մենք քարի ճարտարապետութիւն ունինք, որ արդէն կերտուած է». Գոհար Թութունճեան

Երեւանի մէջ աւարտեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ՀՀ քաղաքաշինութեան նախարարութեան, Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան 3-րդ համաժողովը: «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը զրուցած է Քաթարէն համաժողովին մասնակցող ճարտարագէտ, Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան համանախագահ  Գոհար Թութունճեանի հետ:

 

Տիկի′ն Թութունճեան, ասիկա արդէն Ճարտարագէտներու թիւով 3-րդ համաժողովն է. Ձեր կարծիքով ի՞նչ կրնայ տալ այն, ի՞նչ կրնայ աւելցնել հայ ճարտարապետութեան, ճարտարագիտութեան պատմութեան էջերուն, մեր ժամանակներուն ձեւաւորուած նորարարական մօտեցումներուն եւ համաժողովի մասնակիցներուն:

Մեր նպատակն է Համահայկական միութեան միջոցով այս մասնագէտներուն հաւաքել մէկ տանիքի ներքոյ, որուն հետ կրնանք աշխատիլ միութեան յայտարարած գլխաւոր հիմնասիւներու հիման վրայ. այդ հիմնասիւներու մանրամասները մենք պիտի հրապարակենք մեր պաշտօնական կայք-էջին վրայ, ատոնք պիտի ըլլան ուղեցոյցներ` շատ յստակ, պարզ ու հասանելի: Առաջինը պիտի ըլլայ ողջ Սփիւռքով մէկ տարածուած մեր հայրենակիցներուն, մասնագէտներուն, ընկերութիւններուն, շինարարական խումբերուն, կազմակերպութիւններուն (եթէ անգամ այն չունի հայկական ծագում, սակայն թէկուզ մէկ հայ  կ’աշխատի այնտեղ) տուեալներու  հաւաքագրումը, մէկտեղելը մէկ շտեմարանի մէջ: Այդ կազմակերպութիւնները կրնանք կապել Հայաստանի նմանատիպ կազմակերպութիւններու հետ, իսկ ասոր առանցքին մէջ արդէն կու գայ 2-րդ հիմնասիւնը` երիտասարդ մասնագէտներու օղակը, որոնք, վերապատարստուելով, պիտի կարենան այդ երկու կազմակերպութիւնները կապել` ի շահ մեր Հայրենիքի տնտեսութեան, ճարտարագիտական մտքի զարգացման: 3-րդ հիմնասիւնը միտուած է զարգացնելու մեր գծագրական արտադրութիւնը, արտերկրի մէջ կազմակերպուող ցուցահանդէսներու միջոցով ցոյց տալու Հայաստանի, հայկական գծագրական արուեստի դիմագիծը: 4-րդ հիմնասիւնը միտուած է ասուլիսներով, հրատարակութիւններով, հրապարակումներով, գիրքերով, համաժողովներով օգնել երիտասարդ մասնագէտներուն, որպէսզի անոնք կարենան կայանալ նախընտրած ոլորտին մէջ:

Տի′կին Թութունճեան, համաժողովի ընթացքին հետաքրքիր թեմաներով բազամաթիւ ուշագրաւ ելոյթներ եղան. արդեօք հայկական ճարտարապետութիւնը կը հետաքրքրէ՞ Եւրոպային ու եւրոպացիներուն:

Անշո′ւշտ:  Օրինակ մը բերեմ. երկու տարի առաջ ես Անգլիա գացած էի, ուր Խորհրդային ճարտարապետութեան ցուցահանդէս  կազմակերպուած էր, ուր հայկական ճարտարապետութիւնը  առանձնայատուկ տեղ ունէր. այն վերնագրուած էր` «20-րդ դարու հայկական ճարտարապետական դպրոցը», իսկ 20-րդ դարը դեռ երէկ էր, եւ մենք կը շարունակենք լաւագոյն աւանդոյթները:

 

Մեր հինաւուրց եւ ինքնատիպ հայկական ճարտարապետութենէն օտարները արդեօք որեւէ բան կ’ընդօրինակե՞ն, ըսենք` որեւէ զարդանախշ:

Անպայմա′ն: Զարդանախշը արտաքին յարդարանքն է, բայց… մենք ունինք քա′ր, քարի ճարտարապետութիւն, որ չկայ Արաբական երկիրներու, Ճափոնի, Հարաւային Ամերիկայի մէջ եւ այլուր: Շատ կարեւոր է շինարարական նիւթը. տեղ մը աղիւսն է,  տեղ մը` փայտը, ուրիշ տեղ` ծեփը, կաւը, իսկ մենք քար ունինք` տուֆ, տրաւերտին, պազալտ, մարմար, ֆելզիտ… Մենք քարի ճարտարապետութիւն ունինք, որ արդէն կերտուած է: Շինարարական նիւթը շատ հետաքրքիր ձեւով կ’ազդէ տեղի ճարտարապետութեան վրայ: Քարը մեր առաւելութիւնն է ճարտարապետութեան բնագաւառին մէջ: Միւսը ծաւալատարածական մօտեցումն է քարի նկատմամբ. մենք քարէն կոթողներ կը կերտենք, որոնք անչափ ժամանակակից են իրենց խորհրդանիշներով, ատկէ աւելի կայացած ճարտարապետութիւն ես չեմ տեսներ:

Տի′կին Թութունջեան, տարբեր երկիրներէ ժամանած համաժողովի մասնակիցները լսեցին իրարու, ծանօթացան, կարծիքներ փոխանակեցին… Արդեօք որեւէ երկրէ ժամանած  ճարտարապետ մը կրնա՞յ իրեն հետաքրքրած  միտք մը, ճարտարապետական եւ ճարտարագիտական, գծագրական հետաքրքիր մաս մը օգտագործել իր ապրած երկրին մէջ, դասախօսել այդ թեմայով:

Ամէն հայ մասնագէտ ցանկութիւն ունի արարել Հայաստանի մէջ, իսկ ի՞նչ կրնայ ընել արտերկրի մէջ. ձեւաչափեր պէտք է փնտրել, համագործակցութեան ձեւեր: Համաժողովի բոլոր նիւթերը պիտի հրատարակուին, նաեւ պիտի հրապարակուին մեր պաշտօնական կայք- էջին վրայ, եւ փափաքողները, հետաքրքրուած մասնագէտները կրնան կարդալ, ծանօթանալ, օգտուիլ:

Ին՞չ հետաքրքիր թեմա կ’առանձնացնէք, որուն իրագործումը նաեւ շատ կարեւոր կ’ըլլայ Հայաստանի ներկայիս տնտեսութեան համար:

Գրեթէ բոլոր թեմաները հետաքրքիր էին , ուսանելի, կիրառելի, օգտակար. շատ  կարեւոր կը համարեմ «Ուժանիւթ խնայող շինութիւններու նախաձեռնութիւնը Հայաստանի համար» թեման:

Տէ ինչ, տի′կին Թութունճեան, շնորհակալութիւն բովանդակալից հարցազրոյցի համար: Յուսանք, որ Ձեր բնութագրմամբ` այս 3-րդ` թիրախային համաժողովին յաջորդող 4-րդ համաժողովի ընթացքին արդէն կը խօսին շօշափելի արդիւնքներու մասին:

Կարինէ Աւագեան

Scroll Up