Զարմանալի՜ Հայ…
Զարմանալի՜ հայ…ուր ալ ըլլայ ան, իր շուրջը կը ստեղծէ անպատմելի իւրօրինակ ովասիս մը, կը ստեղծէ փոքրիկ Հայաստան մը, ուր կ’ապրի ու կ’արարէ ինք, ուր կրնայ պահպանել իր ազգային ինքնութիւնն ու դիմագիծը: Ի հարկէ, արուեստի ու մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ ատիկա կը դրսեւորուի լաւագոյնս, աւելի ցայտուն, աւելի տեսանելի: Հէնց այդպիսի հայկական ովասիս մը հեռաւոր Ֆրանսայի մէջ ստեղծած է մեր հայրենակիցը` երիտասարդ ու տաղանդաւոր նկարիչ Վահագն Ստեփանեան, որուն հետ «Հայերն այսօր»-ի համար ծաւալուած զրոյցիս ընթացքին Վահագն Ստեփանեան արուեստագէտի կերպարին մէջ երեւցաւ նաեւ պարզ, անկեղծ հայ երիտասարդը:
–Վահա՛գն, թոյլ տուէք Ձեզի այդպէս դիմել, ե՞րբ եւ ի՞նչ հանգամանքներու մէջ յայտնուեցաք հեռաւոր Ֆրանսայի մէջ:
-Ես Հայաստանէն եկած եմ Ֆրանսա 2006-ին: Իմ գլխաւոր նպատակներէս մէկը եղած է ինչ- որ չափով ճանաչում ունենալ արտասահմանի մէջ եւ հայ արուեստը ներկայացնել օտարներուն:
–Ես կը նայիմ Ձեր նկարները, որոնցմէ շատերուն մէջ կը տեսնեմ Ձեր ` հայ մարդու, հայ արուեստագէտի հոգիի հայրենասիրութեան արտացոլքը. կարօտէ՞ն կը ծնին ատոնք:
– Եւ՛ կարօտէն, եւ՛ հայրենասիրութենէն, նաեւ` հայ ըլլալու հպարտութեան զգացումէն:
–Նկարելու շնորհը Աստուածատու՞ր է, թէ՞ ժառանգաբար փոխանցուած է:
-Մեր գերդաստանին մէջ չեն եղած ու չկան նկարիչներ, բայց ունինք լաւ մասնագէտներ, յաջողակ ուսանողներ: Ամէն մէկը շնորհալի է իր գործին մէջ: Տէ, ի հարկէ, ես շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որ ինծի պարգեւած է այս շնորհքը եւ, միանշանակ, նաեւ` իմ ծնողներուս, որոնց շնորհիւ ես դարձայ նկարիչ. անոնք մինչ օրս կ’ուրախանան իմ ստեղծագործական յաջողութիւններով:
–Կրնա՞ք յիշել Ձեր առաջին նկարի թեման, որո՞ւն այն ցոյց տուած էք եւ ինչպիսի՞ արձագանք ստացած էք:
-Մէջս տպաւորուած է յատկապէս այն օրը, երբ ես փոքր էի` մօտաւորապէս 5- 6-րդ դասարանի աշակերտ. մեզի տարին մասնակցելու օփերայի բակի կաւճանկարի մրցոյթին: Երեւի կը յիշէք այն ժամանակները, երբ այդպիսի մրցոյթներ կը կազմակերպէին հանրապետութեան որոշ դպրոցներու միջեւ: Ես նկարած էի հեքիաթային անձնաւորութիւն մոխրոտիկը եւ իր ետին` Արարատ լեռը: Ատիկա շատ տարօրինակ թուեցաւ մարդոց. Ինծի կը մօտենային եւ հարցեր կու տային, ինծի մօտեցան Հենրիկ Իգիթեանի անուան կիրառական արուեստի դպրոցի ուսուցիչները, տուին հրաւիրատոմս, որ ես երթամ եւ յաճախեմ իրենց դպրոցը: Ատիկա շատ լաւ տպաւորութիւն ձգեց իմ յիշողութեանս մէջ եւ առ այսօր չեմ մոռցած կեանքիս այդ դրուագը:
–Առաջին ցուցահանդէսը ե՞րբ եւ ո՞ւր կայացած է:
–Իմ առաջին ցուցահանդէսը կայացած է դեռ դպրոցական տարիներուն` 1991-92թթ. Երեւանի մէջ : 2001-ին արդէն դուրս եկայ հայաստանեան շրջանակներէն եւ ցուցահանդէսներ կազմակերպեցի արտասահման: 2004-ին հրաւիրեցին զիս` ցուցադրութիւններ ընելու Զուիցերիոյ Զիւրիխ քաղաքի գլխաւոր թատրոնին մէջ, որմէ յետոյ` Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքի Նեսթլէ գիտահետազօտական հիմնարկին մէջ: 2006 -ին եկայ Ֆրանսա` Վալանս: Ծանօթացայ շատ արուեստագէտներու հետ ու սկսանք այդտեղի Հայ մշակոյթի կեդրոնին հետ կազմակերպել ցուցահանդէսներ: 2007-ին իմ գործերս ցուցադրուած են Լիոն քաղաքին մէջ: Մինչ օրս կը ցուցադրուին Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ:
–Ի՞նչ մրցանակներու, շքանշաններու, պարգեւներու արժանացած էք. ատոնցմէ ո՞ր մէկը առաւել թանկ է Ձեզի համար:
– Ունիմ շատ պատուոգիրներ, գովասանագիրներ: Ինծի համար բոլորն ալ թանկ են, որովհետեւ ատոնք իմ աշխատանքիս արդիւնքն են:
–Իբրեւ կայացած, ճանչցուած արուեստագէտ` Հայաստանի մէջ կը ճանչնա՞ն Ձեզի:
-Չեմ կարծեր, որովհետեւ վաղուց դուրս եկած եմ Հայաստանէն, բայց արուեստի բնագաւառին մէջ շատ ընկերներ ունիմ:
–Դէպի Հայրենիք վերադարձի ճամփան մօ՞տ է արդեօք:
-Ցանկութիւնս մեծ է:
–Արուեստի բնագաւառին մէջ որո՞ւն կը համարէք Ձեր ուսուցիչը եւ համաշխարհային մակարդակով այն նկարիչը կամ նկարիչները, որուն գործերէն ազդուած էք:
–Ես շատ կը սիրեմ Վերածնունդի դարաշրջանի բոլոր նկարիչները, բայց ինծի համար ուսուցիչներ կը համարեմ Լէոնարտօ տա Վինչին,Մայքլ Անճելոն,Ռաֆայէլը եւ Սալուատոր տալին:
–Գիտեմ, որ հանդիպած էք, ծանօթացած մեր աշխարհաճանաչ հայրենակից` Շառլ Ազնաւուրի հետ, ի՞նչ դերակատարում ունի ան Ձեր կեանքին մէջ:
– Ան մեծ հայրենասէր է: Բոլորս գիտենք, թէ Ֆրանսայի մէջ եւ, առհասարակ, ամբողջ աշխարհի մէջ, ինչ տեղ կու տան մեր հայրենակիցին: Ես առիթ ունեցայ մեծ երգիչին, Մեծ մարդուն ու արժանաւոր հայուն հանդիպելու ու ծանօթանալու անոր հետ Վալանս քաղաքին մէջ, Շառլի անուան պուրակի բացման արարողութեան ժամանակ: Այդ ժամանակ անոր նուիրեցի իմ աշխատանքս` իր դիմանկարը, շատ ուրախացաւ եւ անմիջապէս ըսաւ` ստորագրէ՛, այս նկարը պէտք է դրուի տուն- թանգարանիս մէջ: Շատ ուրախ եմ, որ ինչ-որ յիշատակ իմ կողմէս տրուեցաւ Շառլ Ազնաւուրին:
–Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ցուցահանդէսը` վերնագրուած «100 հասցէ», այդպէ՞ս է…ո՞ւր կայացաւ այն եւ ի՞նչ արձագանքներ ունեցաւ:
-Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին կապակցութեամբ շատ մեծ ցուցահանդէս մը բացուեցաւ Վալանս քաղաքին մէջ, բազմաթիւ այցելուներ կային` քաղաքապետեր, պատգամաւորներ, ծերակուտականներ. մեծ արձագանք ունեցաւ այդ ցուցահանդէսը:Ես շնորհակալագիր ստացայ: Ժողով ըրին, եւ իմ նկարներէս մէկը ընտրուեցաւ, որպէսզի 2000 տպաքանակով տպուէր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով թողարկուող փոստային ծրարներուն վրայ: Վալանսի հայ մշակոյթի տան մէջ մեծ շուքով տեղի ունեցաւ Կոմիտասի նկարի նուիրատուութիւնը, որ ես նկարած էի Ապրիլ 24-ին:
–Ֆրանսան այն առաջին երկիրն է, որ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ քրէականացման օրէնքը, սակայն նոյն այդ երկրին մէջ , տարբեր քաղաքներու մէջ մեծ թիւ կը կազմեն իսլամները, հայերուն այդ առումով որեւէ վտանգ չի՞ սպառնար…
-Ո՛չ: Այստեղ բոլորը կ’ապրին համերաշխ: Յամէնայնդէպս, անոնք գիտեն մեր բնաւորութեան գիծերը եւ կ’աշխատին ոչ մէկ բանով առնչութիւն չունենալ հայերուն հետ:
– Վահագն, այժմ ի՞նչ նոր ու մեծ կտաւի վրայ կ’աշխատիք:
-Հիմա կ’աշխատիմ Նափոլէոնի թեմային նուիրուած կտաւի վրայ եւ կը պատրաստուիմ նոր ցուցահանդէսի. այն շուտով կը կայանայ:
–Տէ ինչ, յաջողութիւններ մաղթենք մեր տաղանդաւոր հայրենակիցին եւ յուսանք, որ մօտ ապագային կը կարենանք մասնակցիլ նաեւ Հայրենիքի մէջ կազմակերպուելիք անոր ցուցահանդէսին:
Կարինէ Աւագեան