Արի տուն-2015. Գայեանէ Պապլոյեան. «Սփիւռքահայ երեխաներուն մօտ Մայրենիի հանդէպ ոգեւորութիւն եւ յարգանք կը նկատեմ»

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն-2015» ծրագիրի  մասնակիցները մինչ ծրագիրով նախատեսուած շրջագայութիւններու մեկնիլը` Հայոց լեզուի դասընթաց կ’ունենան Երեւանի Ստեփան Շահումեանի անուան թիւ 1 հիմնական դպրոցին մէջ:

 «Հայերն այսօրը» զրուցած է արիտունցիներուն Հայոց լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդող ուսուցչուհի` Գայեանէ Պապլոյեանի հետ:

Տիկին Պապլոյեանէն հետաքրքրուեցանք, թէ սփիւռքահայ երիտասարդները ինչ չափով կը տիրապետեն հայոց լեզուին, եւ թէ ինչ ոգեւորութեամբ կը յաճախեն դասերուն:

 Պարզ դարձաւ, որ Գայեանէ Պապլոյեան «Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս կ’աշխատի Ջաւախքէն եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան տարբեր քաղաքներէ ժամանած երեխաներու հետ: Ուսուցչուհիի փոխանցմամբ` բոլորն ալ տառաճանաչ են, որ կը  հեշտացնէ դասը:

«Հաճոյքով կ’աշխատիմ բոլորին հետ, քանի որ սփիւռքահայ երեխաներուն  մօտ  մայրենիի հանդէպ ոգեւորութիւն եւ յարգանք կը նկատեմ: Բանիմաց են, դասերուն կը ներկայանան պատրաստուած, աչքի կ’իյնան պարտաճանաչութեամբ: Միշտ հարցեր կու տան,  կը փորձեն հնարաւորինս շատ տեղեկութիւն ստանալ հայոց լեզուի եւ, առհասարակ, հայ ժողովուրդին մասին. անոնց հիմնականին մէջ պատմական տեղեկութիւնները կը  հետաքրքրեն: Ես այնպէս կը կազմակերպեմ դասընթացները, որ անոնց արդէն իսկ  ունեցած գիտելիքներուն աւելցնեմ նորը: Բացի Հայոց լեզուէն եւ գրականութենէն, տեղեկութիւններ կը հաղորդեմ Հայ ժողովուրդի պատմութենէն, արուեստէն եւ մշակոյթէն»,- ըսաւ ուսուցչուհին:

 Գայեանէ Պապլոյեան դասաժամերը նաեւ երաժշտական մասով կը համեմէ, որուն մասին հետեւեալը պատմեց. «Օրինակ, երբ Հայ գրականութենէն Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը կ’անցնինք, դասի աւարտին խումբով տուեալ բանաստեղծութեան հիման վրայ գրուած երգը  կ’երգենք: Ու այսպէս շարունակ: Այս միջոցի կիրառումը կ’օգնէ, որպէսզի երեխաներու յիշողութեան մէջ ամրապնդուի տուեալ բանաստեղծութիւնը»:

Ուսուցչուհին, մինչեւ նոր թեմային անցնիլը, նախորդ դասերէն կրկնութիւն կ’ընեմ, հարցերուն միջոցով կ’օգնեմ վերյիշել: Տիկին Պապլոյեան ուրախութեամբ կը նշէ, որ պատանիները գրագէտ կը խօսին` չնայած փոքր-ինչ դժուարութիւններու կը  հանդիպին, որուն ուսուցչուհին ըմբռնումով կը մօտենայ` ըսելով, որ պատճառը անոնց ամենօրեայ խօսքին մէջ հայերէնի քիչ կիրառութիւնն է:

Դասընթացքը սկսելէն առաջ երեխաներէն կը հետաքրքրուիմ, թէ ինչպիսի տպաւորութիւն ստացած են այցելած վայրերէն, կը հարցնեն ատոնց նշանակութեան մասին` փորձելով հասկնալ, թէ որքանով իւրացուցած են շրջագայութիւնները` պատմամշակութային վայրերու մասին հաղորդած տեղեկութիւնները:

Տիկին Պապլոյեան կը կարծէ, որ նման դասընթացներու կազմակերպումը նպատակային է. Շրջագայութիւններու երթալէ  բացի, Սփիւռքի պատանիներուն ու աղջիկներուն պէտք է հնարաւորութիւն ընձեռել Հայաստանի վերաբերեալ գիտելիքները զարգացնել, Մայրենին բարելաւել, որն ալ կ’օգնէ անոնց կապուիլ Հայրենիքին:

Հայոց լեզուի դասընթացքի վերջին օրը «Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցներուն համար Գայեանէ Պապլոյեան «Հրաժեշտի դաս» կ’իրականացնէ: Առաջին մասին մէջ երեխաները կ’ամփոփեն իւրացուցած թեմաները, իսկ երկրորդ մասին մէջ «Կա՛նք, պիտի՛ լինենք ու դե՛ռ շատանանք» խորագիրով փոքրիկ ձեռնարկ կը կազմակերպեն` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Արիտունցիները հայրենասիրական թեմաներով եւ Ցեղասպանութեան նուիրուած բանաստեղծութիւններ կ’արտասանեն, կ’երգեն` ոգեկոչելով Սրբադասուած նահատակներու յիշատակը :

Պատրաստեց Գէորգ Չիչեան

Scroll Up