«Արևմտահայերենի և արևելահայերենի մերձեցման խնդիրներ» համաժողով
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտը սիրով կը հրաւիրեն մասնակցելու «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ» համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 2015 թ. Յուլիս 29-30 ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ:
Հայաստանի եւ Սփիւռքի մասնագէտները, մտաւորականները կը հրաւիրենք մասնակցելու քննարկումներուն` հետեւեալ ուղղութիւններով.
- Արեւմտահայերէնի պահպանութեան, գործառութեան, ուսուցման, կանոնարկման խնդիրներ.
- Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ.
- Հայերէնի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներ:
Համաժողովին մասնակցիլ ցանկացողներուն կը խնդրենք յայտադիմումները ներկայացնել մինչեւ 2015 թ. Յուլիս 20:
Կը խնդրենք Ձեր զեկուցման դրոյթներն ու առաջարկութիւնները ուղարկել մինչեւ ս.թ. Յուլիս 25, lingvinst@sci.am էլ. փոստով:
Համաժողովի մասին տեղեկատուութիւն կրնաք ստանալ` այցելելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կայքէջեր` www.mindiaspora.am, www.hayernaysor.am եւ ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի կայքէջ` www.language.sci.am:
Հարցերու կամ լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք զանգահարել ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեանին, հեռ` +374 010 58 56 01 (117) եւ ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի հայոց լեզուի պատմութեան բաժինի վարիչ, բ.գ.թ., դոցենտ Գայեանէ Մխիթարեանին, հեռախօս` +374 55 35-12-85:
ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ՀՀ ԳԱԱ Հ. ԱՃԱՌԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ԼԵԶՈՒԻ ԻՆՍՏԻՏՈՒՏ