Լիոն Զաքի՝ Սուրիան շուտով կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/06/FullSizeRender23.jpg)
Հայ-Սուրիական գործարար խորհուրդի նախագահ Լիոն Զաքին վստահեցուցած է, որ Սուրիան սահմանադրական կարգով կը պատրաստուի ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, համարելով ան շատ կառեւոր քայլ մը , քանի որ պատմութեան շարունակականութիւնով օսմանցիներու ժառանգները այսօր կ’ընեն նոյն բանը Սուրիոյ ժողովուրդին հանդէպ:Այս մասին կը յայտնէ Aztagarabic-ը։
Լիոն Զաքին իր ուրախութիւնը յայտնած է այս առիթով, քանի որ այդ քայլով Սուրիան կը միանայ այն երկիրներուն, որոնք պաշտօնապէս ճանչնցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Յիշենք որ «Եռագոյն» հայկական թերթը հրատարակած էր »Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան լուրը, Հայաստանի Հայ-Սուրիական բարեկամութիւն խորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահ Տաճատ Վարդապետեանի խօսքը վերջինիս Սուրիա այցելութենէն յետոյ, որ նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատը վստահեցուցած է, որ Սուրիան շուտով կը միանայ ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող երկիրներու ցանկին:
Զաքին նաեւ ըսած է, որ Հայ-Սուրիական գործարար խորհուրդի նախնական ջանքերը տարուած էին ցեղասպանութեան հարցը Սուրիական լրատուական միջոցներով ճանաչելի դարձնելու, եւ ձեւաւորելու համակիր հանրային կարծիք մը երկու երկիրներու միջեւ պաշտօնական հանդիպումէն առաջ:
Լիոն Զաքին եւս շեշտեց, որ այդ քայլով եղբայրական Սուրիան լրացուցիչ բարիք մը կատարած կ՛ըլլայ հայ ժողովուրդին հանդէպ:
Յիշեցնենք, որ «Շամ Փրէս» լրատուական գործակալութիւնը հրապարակած էր Սուրիոյ նախագահին խօսքը ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին եւ Թուրքիոյ դաւադրութիւնները Սուրիոյ ժողովուրդին հանդէպ: