Հարց անցեալին. թուրք ընտանիքի մը զաւակը կը քննէ ընտանեկան պատմութիւնը

Թուրք լուսանկարիչ Էմին Աքփընար տեւական ժամանակ է, որ զբաղած է իր ընտանիքի պատմութեան դատարկ անցքերը գտնելու եւ այդ դատարկութեան պատճառաբանութեան որոնումներով: Իր ընտանիքի ազգայնական տրամադրութիւններուն հետ խորքային անհամաձայնութիւն ունենալէ բացի, ան մանկութենէն լսած պատմութիւններուն մէջ  յայտնաբերած է ոչ տրամաբանական  դրուագ մը:

Էմինի ընտանեկան պատմութիւնը բաղկացած է մէկ անցքէ. իրենց ընտանիքը 1925թ. Էրզընջանից (Երզնկա) փախած է Քըրշեհիր, որովհետեւ հայերը կը վառէին գիւղերը ու կը կոտորէին մարդոց:

«Իմ ընտանիքս շատ բան չի գիտեր իր անցեալէն, ու ես մեր անցեալի մասին լսած եմ միայն սա, որ հիմնուած է մեծ հօրեղբօրս ըսածներուն վրայ,-«Հետքին» կը պատմէ Էմինը,- ու ես սկսայ հօրս հարցեր տալ այդ պատմութեան վերաբերեալ»:

Էմինի հայրը նոյնպէս այս պատմութեան կրողն է, ու քանի որ անոր հայրը մահացած է, երբ վերջինս 6 տարեկան էր, միակ աղբիւրը անոր աւագ եղբայրն է, որ ծնած է հէնց Էրզընջանի մէջ, ու իր խօսքով` փախուստի ժամանակ եղած է մօտ 5-6 տարեկան, երբ հայերը «բարբարոսութիւններ» կ’ընէին: Անոր հօրեղբայրը դեռեւս կենդանի է, սակայն անկողնային հիւանդ, ու անոր հետ դժուար է հաղորդակցիլ:

1915թ. Ցեղասպանութիւն ըլլալու պարզ պատճառով Էմինին այս պատմութիւնը հաւաստի չի թուիր:

«Եթէ անոնք փախած են 1925թ` հարց կ’առաջանայ, թէ որմէ կը փախէին, որովհետեւ այդ ժամանակ եթէ անգամ Ցեղասպանութենէն յետոյ Էրզընջանում հայեր  մնացած էին, անոնք չէին կրնար գիւղեր վառել կամ մարդոց սպաննել»,- ակնյայտ հակասութիւնը կը փաստէ էմին:

Էմինի հայրը իր կեանքի ընթացքին մէկ անգամ  գացած է  իրենց հարազատ գիւղը, որպէսզի որոշ տեղեկութիւն հաւաքէ իր ընտանիքի այլ անդամներու մասին, որովհետեւ յայտնի էր, որ փախուստի ժամանակ մեծ ընտանիքը ամբողջութեամբ չէ կրցած տեղափոխուիլ Քըրշեհիր: Անոր հայրը գիւղին մէջ որեւէ բան չէ հարցուցած հայերու մասին, որովհետեւ անոր կը  հետաքրքրէր միայն իր ընտանիքի ճակատագիրը:

«Ան չէ յաջողած որեւէ բան գիտնալ, միայն  ծեր մարդ մը հօրս ուղեկցած է  շատրուանի մը մօտ  ու ըսած, որ սա իր հայրը  սարքած է, բայց մենք բան  չենք գիտեր այդ մասին»,- կ’ըսէ Էմին:

Էմինի յաջորդ հարցը կը վերաբերի իրենց գիւղի անուան, որ ան լսած է ամբողջ կեանքի ընթացքին` Bagariջ- Պակառիճ:

«Անոնց մտքով երբեւէ չէր անցած, որ այդ բառը թրքերէն չէ,- կը ժպտի Էմին,- Ես հօրս հարց տուի, թէ ինչ կը նշանակէ մեր գիւղի անունը թրքերէնով, ու ան չի կրցաւ այդ հարցին պատասխանել, յետոյ ես անոր ըսի, որ ատիկա հայերէն է, ու այդ գիւղին մէջ  հայեր  ապրած են»:

Էմին Աքփընար Սեւան Նշանեանի քարտէզի միջոցով գտած է գիւղն ու անուան մեկնութիւնը, ու յայտնաբերած, որ Պակառիճը հայերէն բառ է, որ կը նշանակէ Աստուծոյ տաճար կամ բնակավայր:

«Ես, փաստօրէն, յայտնաբերեցի, որ իմ ընտանիքս նախ` չէ փախած հայերէն, եւ երկրորդ` այդ գիւղի անունը թրքական չէ, ու երրորդ` այդ գիւղին մէջ շատ հայեր եղած են»,- կ’ըսէ Էմին:

Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կայ Պակառիճ անունով երկու գիւղ. մէկը կը գտնուի Էրզրումի վիլայէթի Տերջան գաւառին մէջ, միւսը` Տարանաղի կամ Կամախգաւառի մէջ, որ այժմ կը կոչուի  Քեմահ: Էմին Սեւանեանի կայքէն վերցնելով հայերէն գրուած Պակառիճ բառը` տարբեր հայկական ատեաններէ  ու կայքերէ  որոշ տեղեկութիւններ  հաւաքած է իր գիւղին մասին, եւ  հասկնալու համար օգտուած է «Google Translate»-էն:

Սկզիզբը չիմանալով երկու Պակառիճներու գոյութեան մասին, Էմին յայտնաբերած է Սողոմոն Թեհլէրեանին, որ ծնած է այլ գիւղի մէջ, սակայն յետոյ հասկցած է, որ Թեհլէրեան այլ Պակառիճ է:

Ըստ Ռայմոնտ Գէորգեանի «Հայկական Ցեղասպանութիւն» գիրքի` Ցեղասպանութեան նախօրէին Տերճանի մէջ եղած են 41 հայկական գիւղ` 11690 ընդհանուր հայկական բնակչութեամբ, ատոնցմէ ամենամեծը եղած է հէնց Պակառիճը` 1060 հայկական բնակչութեամբ:

Որոնումներու ժամանակ Էմին հանդիպած է նաեւ Հայաստանի Ազգային արխիւի կողմէ հրապարակուած «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ. Վերապրածներու վկայութիւններ» եռահատոր ժողովածուի թրքերէն թարգմանութեան ու այնտեղ գտած որոշ յիշատակութիւններ իրենց գիւղի մասին: Վարդան Աւետիսեան անունով ականատեսը, որ Ցեղասպանութեան ժամանակ եղած է 11 տարեկան, վկայութիւն   ձգած է, որ պատերազմէն առաջ հայերն ու թուրքերը միասին շատ երջանիկ  ապրած են:

32-ամեայ Էմին կ’ըսէ, որ անոր չի հետաքրքրեր, թէ արդեօք իր պապը հայ է, թուրք, թէ քիւրտ: «Իմ ընտանիքիս պատմութիւնը աղօտ է, ու շատ անհասկանլի բաներ կան,- կը մեկնաբանէ ան,- Իմ  ընտանիքէն ներս միշտ խօսուած է, որ մենք մաքուր 100 տոկոսով թուրք են, բայց ես չեմ սիրեր այդպիսի ազգայնական բաներ, ու պատասխաններ կը փնտրեմ»:

Մինչեւ 20-րդ դարասկիզբ, երբ Եւրոպայի մէջ արդէն լայնօրէն տարածում գտած ազգայնականութիւնը` ազգային պետութիւն ստեղծելու մարմաջով, դեռեւս չէր ծաւալած դէպի Արեւելք, Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող մարդիկ կը համարուէին օսմանահպատակներ ու մարդիկ կը զանազանուէին ըստ կրօնական պատկանելութեան` իսլամներ եւ քրիստոնեաներ: Թուրք եզրոյթը իբրեւ Թուրքիոյ քաղաքացի շրջանառութեան մէջ  դրուած է 1923թ. ազգայնական պետութեան հիմնադրումէն յետոյ եւ ժամանակի ընթացքին ամենատարբեր միջոցներով Թուրքիոյ մէջ ապրող մարդոց պարտադրուած է թրքական ինքնութիւնը:

Թուրք գրող եւ ընկերաբան Փընար Սելեք կը փաստէ, որ թրքական ինքնութիւնը ստեղծուած է ոչ իսլամներու բնաջնջման հիման վրայ` հայերու Ցեղասպանութիւն, յոյներու վտարում եւ այլն ու Անատոլիոյ մէջ` Պալքաններէն եւ Կովկասէն իսլամական համայնքներ ընդունելու միջոցով, որոնց ըսուած է, որ անոնք թուրքեր են. «Երանի անոր, որ անձը թուրք կը կոչէ»:

Սակայն այս գործընթացը, որ ժամանակին արդիւնք  տուած է, այժմ այլ տեղ կը տանի, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ մարդիկ հարցադրումներ ունին իրենց անցեալի, եւ հետեւաբար ինքնութեան վերաբերեալ, իսկ որոշ յառաջադէմ մարդիկ ալ ինքզինքնին թուրք չեն անուաներ:

Էմին մեծցած է մաքուր թրքական ինքնութեամբ, եւ հետեւաբար, թուրք հասարակութեան մէջ մեծամասնութիւն համարուող ընտանիքին մէջ, ուր քարոզուած են թուրք/ճիշդ/արդար ըլլալու գաղափարախօսութիւնը, սակայն ան համոզուած է, որ հնարաւոր չէ Անատոլիոյ մէջ ըլլալ 100 տոկոսով թուրք: Ան չի կրնար հասկնալ, թէ ինչը կրնայ դրդել քննելու իրենց ընտանիքի անցեալը:

«Հնարաւոր է, որ ես այդ բացայայտմամբ կ’ուզեմ իմ ընտանիքիս ցոյց տալ, թէ անոնք ճիշդ չեն, որովհետեւ անոնք շատ ազգայնական են, ու ես չեմ սիրեր ազգայնական բաներ, սակայն ես այդ հարցի պատասխանը չունիմ»,- կ’ըսէ ան:

Միեւնոյն ժամանակ Էմինին այս հարցադրումներուն դրդած են իր հայկական արմատներով ընկերներու պատմութիւնները, որոնք ընկերական միջավայրի մէջ խօսած են իրենց ընտանեկան պատմութիւններուն մասին:

«Անոնք մեծնալով յանկարծակի կ’իմանան, որ իրենց տատը կամ պապը հայ է, որ իսլամացուած է, ու անոնք ունին այդ պատմութիւնները, բայց իմ պատմութիւնս շատ տարբեր է իրենցմէ , որովհետեւ պարզապէս պատմութիւն չկայ»,- կ’ըսէ ան:

Ան կ’առաջացնէ յաջորդ հակընդդէմ հարցը. եթէ, օրինակ իր ընտանիքը թուրք եղած է, ի՞նչը անոնց   դրդած է փախելու, որովհետեւ վստահօրէն անոնք չէին կրնար հայերէն փախիլ: Ան կ’ըսէ, որ եթէ անգամ իր ընտանիքը չէ փախած, այլ պարզապէս գիւղէն տեղափոխուած է քաղաք, ինչ որ  յաճախ կը պատահի, ապա ատոր հակափաստարկը այն է, որ նման պարագայի մեծ ընտանիքները կը տեղափոխուին ամբողջութեամբ, իսկ յայտնի է, որ իրենց ընտանիքը մասնատուած է. անոնք գացած են տարբեր ուղղութիւններով, ու իրար մասին բան չեն գիտեր: Մէկ այլ հարց, թէ ինչու  անոնք ընտրած են Քըրշեհիրը, որովհետեւ այդ քաղաքը Անգարային մօտ է եւ Պակառիճէն բաւական հեռու, իսկ մարդիկ փախուստի ժամանակ, սովորաբար կ’երթան ամենամօտ անվտանգ տեղը:

«Ասոնք հարցեր են, որոնց պատասխանները ես չեմ գիտեր ու կ’որոնեմ»,- կ’ըսէ Էմին:

Էմին իր բացայայտումները յայտնած է հօրը, որ սկսած է հարցեր տալ: Անոնք երկուքով կը նախատեսեն ամրան երթալ Պակառիճ, որպէսզի ուսումնասիրեն իրենց ընտանիքի պատմութիւնը:

«Ես կը պատրաստուիմ ճանապարհորդութեան ու պիտի մեկնիմ  իմ լուսանկարչական գործիքով: Ես գիտեմ, որ այնտեղ բազմաթիւ եկեղեցիներ կան, ու կը պատրաստուիմ գիւղի բնակիչներէն հարցնել, թէ ովքեր  կառուցած են այդ եկեղեցիները»,- կ’ըսէ Էմին:

Scroll Up