Չելմսֆորտի Սբ. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մեկնարկած է Ցեղասպանութեան «Յիշատակման նստարան» նախագիծը

Պահելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յիշատակման ոգին` Չելմսֆորտի Սբ. Վարդանանց Հայկական եկեղեցւոյ Յիշատակման խորհրդաժողովին մէջ վերջերս մեկնարկած է «Յիշատակման նստարան» նախագիծը, որ եզակի հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն` յիշատակելու իրենց ընտանիքի` Ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուած անդամներուն, կը գրէ the Armenian Weekly-ն:
Յիշատակման նստարանները կ’աւելցնեն Սբ.Վարդանանց Ցեղասպանութեան յիշատակման վայրին մէջ, անոնց վրայ պիտի փորագրուին Ցեղասպանութեան զոհերու անունները: Հատաքարերու վրայ փորագրուած անունները կարեկցանքի հերթական տեւական արտայայտութիւն կ’ըլլան բոլոր անոնց, որոնք զոհուած են Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ, ատիկա նշան է, որ անոնց տառապանքն ու զոհաբերութիւնները երբեք չեն մոռցուիր: Ցեղասպանութեան իւրաքանչիւր նահատակի անուն կը փորագրուի 100 ԱՄՆ տոլար նուիրատուութեան դիմաց: Անունները փորագրելու հնարաւորութիւնը ընձեռուած է մինչեւ Օգոստոս 10: