Թուրքերը Անհանգստացած Են Պելճիքայի Վարչապետին` Հայոց Ցեղասպանութիւն Եզրոյթի Կիրառումէն

Պելճիքայի վարչապետին կողմէ 1915-17թուականներու հայերու զանգուածային կոտորածները ցեղասպանութիւն որակելը հերթական տագնապ ու անհանգստութիւն յառաջացուցած թրքական լրատուամիջոցներու մէջ:

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ ելեկտրոնային լրատուամիջոցներուն մեծ մասը թեման լուսաբանող յօդուածները  վերնագրած է «Պելճիքայի վարչապետը նոյնպէս ըսաւ` ցեղասպանութիւն»:

Թրքական «Yeniasya» կայքը, անդրադառնալով այս թեմայով պելճիքական «La Soir»-ի մէջ հրապարակուած լուրին,  յիշեցուցած է նաեւ, որ Ապրիլին ալ Պելճիքայի մէջ արտաքին գործոց նախարարը կիրառած էր ցեղասպանութիւն եզրաբառը:

«La Soir»-ի մէջ հրապարակուած լուրին մէջ կը նշուի, որ Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշելը Յունիս 18-ին խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու պալատի լիագումար նիստին իր կառավարութեան անունէն Օսմանեան կայսրութեան մէջ մէկ դար առաջ երիտթուրքերու կողմէ կազմակերպուած հայերու ջարդերը անուանած է ցեղասպանութիւն:

«Ես կը կարծեմ, որ 1915-1917 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները պէտք է որակուին որպէս ցեղասպանութիւն: Ատիկա նաեւ Պերճիքայի կառավարութեան դիրքորոշումն է»,- յայտարարած է վարչապետը` պատասխանելով Ֆլամանտական ժողովրդական շարժման պատուաւոր նախագահ, պատգամաւոր, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի նախագիծին հեղինակ Փիթըր տէ Ռուվերի` այս թեմայի վերաբերեալ  հարցումին:

Նշենք, որ Պելճիքայի Ծերակոյտը Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ ընդունած է 1998 թուականին:

Scroll Up