Վաղը Պելճիգայի խորհրդարանէն ներս պաշտօնապէս կը ներկայացուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը

Պելճիգայի խորհրդարանը կը քննարկէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի նախագիծը:

Յունիս 18-­ի լիագումար նիստին նախագիծը կը ներկայացնէ Ֆլամանտական ժողովրդական շարժում կուսակցութեան պատուաւոր նախագահ, պատգամաւոր, նախագիծի հեղինակ Փիթեր տէ Ռոււերը: Ինչպէս «Արմէնփրէս»-­ին տեղեկացուց նախագիծի հեղինակը, լիագումար նիստին պաշտօնապէս կը ներկայացուի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը, որմէ յետոյ կը նշանակուի քուէարկութեան օրը: «Այս բանաձեւը սոսկ խորհրդանշական բնոյթ չի կրեր: Մեր նպատակն է, որ Պելճիգայի կառավարութիւնը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Այնուհետեւ, մենք կը ցանկանք նաեւ խթանել համագործակցութիւնը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ»,­ յայտնեց տէ Ռոււերը: Լիագումար նիստը տեղի կ’ունենայ Յունիս 18­-ին` Պելճիգայի ժամանակով ժամը 15:00­ին:

 

 

Scroll Up