Բացուած է հալէպցիներու երեւանեան շուկան (տեսանիւթ)

Երեւանի մեթրոյի «Հանրապետութեան հրապարակ» կայարանի յարակից տարածքին մէջ բացուած է հալէպցիներու երեւանեան շուկան: Այստեղ կ’աշխատին պատերազմի հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայեր, կը գրէ «Երկիր մետիա»-ն:
Գէորգ Սուքիասեան իբրեւ սափրիչ եւ վարսայարդար Հալէպի մէջ կ’աշխատէր դեռ պատանի տարիներէն: Փոքրիկ գործ սկսած էր արդէն, բայց պատերազմը ստիպեց շատ հալէպցիներու նման Սուրիոյ մէջ ձգել տարիներու ստեղծածը եւ ամէն ինչ սկսիլ զերոյէն:
Հիմա արդէն իր Հայաստան տեղափոխուած հալէպցի յաճախորդներէն բացի, կը սպասարկէ շատ երեւանցիներու: Կ’ըսէ` վերադառնալու յոյսը դեռ չէ կորսնցուցած, չնայած այստեղի պայմաններէն չի դժգոհիր: