Հալէպահայ զոյգը սուրիական անուշեղէն կը պատրաստէ ու կը վաճառէ

«Ես եւ ամուսինս ձեռք ձեռքի տուած այս երեք տարի է Հայաստանի մէջ կը փորձենք մեր փոքրիկ գործը սկսելով առաջ երթալ»,-երէկ Կին ձեռներէցներու երեւանեան շաբթուան ծիրէն ներս կազմակերպած էքսփօ ցուցահանդէսի ժամանակ Panorama.am-ի հետ զրոյցին ըսաւ Հալէպէն եկած Եոլանտ Ռշտունին, որ կը զբաղի սուրիական անուշեղէնի, թխուածքներու փոքրիկ արտադրութեամբ:

«Հալէպի մէջ չեմ աշխատած, տանտիկին  եղած եմ, ամուսինս  կ’աշխատէր: Պատերազմի պատճառով եկանք Հայաստան եւ մեր փոքրիկ գործը սկսանք` ապրելու համար: Այստեղ վարձով կը բնակինք, մեր տան մէջ կը պատրաստենք այս ամէնը»,-պատմեց տիկին Եոլանտը:

Անոր ամուսինը` Ռաֆֆի Ռշտունին  նշեց, որ այստեղ շատ դժուար է որեւէ գործ սկսիլը. «Խանութ չունինք, տուն չունինք, իսկ այնտեղ ամէն ինչ ունէինք: Մենք այստեղ օրէնքներուն ծանօթ չենք, կ’ուզենք մեզի օգնեն, որ հասկնանք ինչը ինչպէս պէտք է ընենք: Այստեղ որ խանութին մէջ կ’ուզենք վաճառել մեր ապրանքը, չեն վերցներ, կ’ըսեն, որ հարկայինով պէտք է ըլլայ»:

Անոնք նշեցին, որ վաճառքը կը կազմակերպուի ցուցահանդէսներու մէջ, ընկերային ցանցերով եւ հեռախօսով պատուէրներ ստանալով:

Հարցին, թէ արդեօք ցանկութիւն ունին յետագային Սուրիա տեղափոխուելու` զոյգը նշեց. «Ոչ: Քիչ մը խաղաղի, երթանք մեր տունը, խանութը ծախենք, գանք այստեղ հաստատուինք»:

Յիշեցնենք, որ Յունիս 8-ին մեկնարկած է Կանանց ձեռներէցութեան երեւանեան շաբաթը, որ կազմակերպուած է Կին ձեռներէցներու համաշխարհային ընկերակցութեան (FCEM.org) հովանիի ներքոյ, որուն լիիրաւ անդամ է Հայաստանի երիտասարդ կանանց ընկերակցութիւնը եւ ՀՀ կին ձեռներէցներու ցանցը:

Երեւանեան շաբթուան ընթացքին կ’իրականացուի միջազգային համաժողով, էքսփօ ցուցահանդէս եւ  շարք մը այլ ճանաչողական ծրագիրներ

Scroll Up