Լոմպարտիոյ նահանգապետ. Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումը ինչ-որ մէկուն դէմ չէ

Իտալիոյ Լոմպարտիոյ մարզային խորհուրդը (մարզի կեդրոն` Միլան) յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Այս մասին ըստ News.am-ի` կը գրէ Միլանի «IL Giorno» պարբերականը:
Նախաձեռնութեան մասնակցած են Լոմպարտիոյ նահանգապետ Ռոպերթօ Մարոնին, մարզային խորհուրդի նախագահ Ռաֆայելէ Գատանէոն, խորհուրդի պատգամաւորներ, Իտալիոյ մէջ ՀԱԵ թեմի առաջնորդ Թովմաս Խաչատրեան, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Փիետրօ Քուչուքեան:
«Այս նախաձեռնութիւնը ինչ-որ մէկուն դէմ չէ, այլ համաձայնութեան փնտրտուք` յանուն լաւագոյն ապագայի»,- յայտարարած է Գատանէոն: Իսկ նահանգապետ Մարոնին իր հերթին ընդգծած է. «Այս տարի լրացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, որ մէկ դար շարունակ հերքած եւ մոռացութեան մատնած են»:
Նահանգապետին խօսքով, Լոմպարտիոյ ժողովուրդը համերաշխ է հայ ժողովուրդին հետ, որ բազմաթիւ անարդարութիւններ կրած է: «Միլան տուն դարձաւ աշխոյժ եւ խոշոր հայ համայնքին համար: Ոչ միայն մարզի գլխաւոր քաղաքը, այլեւ ամբողջ Լոմպարտիան ուրախ ընդունած են Հայաստանի քաղաքացիներուն եւ պատիւ կը համարեն մարզի զարգացման գործին մէջ այդ համայնքի ներդրումը»,- ընդգծած է նահանգապետը: