Նունէ Եսայեանի Հրաշալի Համերգը Նիկոսիոյ Մէջ

Հայրենի վաստակաւոր ու սիրուած երգչուհի Նունէ Եսայեան Ուրբաթ իրիկուն հմայեց Կիպրոսի հայ համայնքը իր «Կանք, պիտի լինենք եւ դեռ շատանանք»հայրենասիրական համերգով: Այս մասին յայտնած է artsakank.com:
Հանսիսութիւնը կազմակերպուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Ոգեկոչման Կիպրոսի Յանձնախումբին եւ հովանաւորուած՝ ՀՀ Սփիւրքի նախարարութեան կողմէ, «Հրայր Յովնանեան» եւ «Փիւնիկ» Հիմնադրամներուն աջակցութեամբ:
Երեկոն բացուեցաւ Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցիի կրտսեր երգչախումբի երգերով, որմէ ետք Նունէ Եսայեան ամբողջ մէկուկէս ժամ բարձր խանդավառութեան մէջ պահեց հանդիսատեսները իր հայկական ընտրեալ երգացանկով: Սկսելով Կոմիտասով ու Սայաթ Նովայով, ան անցաւ ժողովրդական, ֆէտայական ու հայրենասիրական սիրուած ու պաշտուած երգերուն, վերջացնելով Հայաստանին ու հայոց բանակին նուիրուած երգերով, բուռն ծափահարութիւններ ու հիացմունքի արտայայտութիւններ խլելովներկաներէն:
Ուրբաթ, 12 Յունիսի երեկոյեան կիպրահայութիւնը ապրեցաւ անմոռանալիայն քաղցր պահերէն մին, երբ եղբայրացած ու միակամ, ան զգաց հայրենի աշխարհի կարօտն ու ջերմութիւնը, շնորհիւ Նունէի հոյակապ այս համերգին:
Յաջորդ առաւօտ Նունէ Եսայեան եւ իր գործակիցները մեկնեցան Աթէնք, շարունակելու իրենց համերգային շրջագայութիւնը, որ 100-ամեակի միջոցառումներու ծիրէն ներս Սփիւռքի նախարարութեան գովելի ու գնահատելի նախաձեռնութիւններէն մէկն է: