Տեղի կ’ունենայ «Արի տուն» ծրագրի առաջին փուլի բացումը
Յունիս 15-ին, ժ.10:00-ին տեղի կ’ունենայ ՀՀ ՍՆ Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան “Արի տուն” 2015թ. ծրագրի առաջին փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս կու գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը:
2015թ. ծրագրի ծիրէն ներս նախատեսուած է մինչեւ 1100 սփիւռքահայ երիտասարդի այց Հայրենիք: Ծրագիրը կ’իրականացուի 8 փուլով` Յունիս 14-էն Օգոստոս 29-ը: Այս տարի եւս “Արի տուն”-ը կ’ունենայ 4-օրեայ ճամբարային ծրագիր, որ կը կազմակերպուի Ծաղկաձորի մէջ:
Առաջին փուլին կը մասնակցին 58 երիտասարդներ, որոնցմէ 38-ը` Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայեր են, իսկ 20-ը` 13-18 տարեկան պատանիներ ու աղջիկներ ՌԴ-էն, Պելառուսէն, Թուրքմէնստանէն եւ ԱՄՆ-էն:
Մասնակիցներու համար կը ցուցադրուի “Արի տուն” ֆիլմը, իրենց կատարումներով արիտունցիները կ’ողջունեն Մեսրոպ Մաշտոցի անուան խօսքի մշակոյթի կեդրոնի սաները, “Մանկական եւրատեսիլ 2014” երգի մրցոյթի Հայաստանը ներկայացուցած Պեթթին եւ այլք: