Յունիս 7. Թուրքերը Նոր Խորհրդարան Պիտի Ընտրեն

Մարի Մերտխանեան կը գրէ.
Թուրքիոյ ընտրական օրէնքին համաձայն՝ կուսակցութիւնները, անկախ իւրաքանչիւր նահանգի մէջ հաւաքած քուէներէն, պէտք է յաղթահարեն ընդհանուր քուէներուն 10 տոկոսի սահմանը, որպէսզի կարենան ներկայութիւն ըլլալ խորհրդարանին մէջ: Այսօրուան պատկերով, ընտրութեան պաշտօնապէս մասնակցող 20 կուսակցութիւններէն միայն երեքը դարձեալ խորհրդարան մտնելու ստոյգ հեռանկար ունին՝ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւն (AKP), Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւն (CHP) եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւն(MHP):
535 երեսփոխան ունեցող Թուրքիոյ Ազգային ժողովին մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը (AKP), Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը (CHP) եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը (MHP) հետեւեալ յաջորդական համեմատութիւնները կը ներկայացնեն՝ (49.83 տոկոս), (25.98 տոկոս), (13.01 տոկոս):
5.27 տոկոսով խորհրդարանական չորրորդ ոյժը համարուող Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան (HDP) խմբակցութիւնը կազմուեցաւ 2012 Հոկտեմբերին՝ ի մի բերելով այն քիւրտ պատգամաւորները, որոնք որպէս անկախ թեկնածուներ յաջողած էին իրենց շրջաններէն ընտրուիլ եւ պատգամաւոր դառնալ: Քրտական այս կուսակցութեան խորհրդարան մուտքը կը մնայ հարցական. պիտի կարենա՞յ սահմանուած 10 տոկոսի սահմանը անցնիլ: Հարցախոյզները տարբեր պատասխաններ կու տան։ Հաւանական քուէները 6.8-13 տոկոսի միջեւ կը տարուբերին:
Եթէ քրտական քաղաքական ներկայացուցիչները խորհրդարանէն դուրս մնան, Թուրքիան լուրջ հարցերու դիմաց պիտի գտնուի, մանաւանդ որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նախաձեռնած քրտական հարցի «խաղաղ լուծումի» ընթացքը ոչ մէկ արդիւնքի հասած է: 2009-էն սկսած, տարբեր անուններով եւ ծրագիրներով շարունակուող, բայց մասնաւորաբար 2014 Յուլիս 16-ին, պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուելով օրինականացած այս ընթացքը ոչ մէկ շօշափելի արդիւնք ունի ցարդ: Բանակցութիւններուն քիւրտերուն կողմէ միջնորդութիւն կը կատարեն եւ կը վարեն նաեւ Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան ներկայացուցիչներ: Եւ քաղաքական այս թեւի խորհրդարանէն դուրս մղումը աւելի պիտի բարդացնէ արդէն կասկածի տակ եղող ընթացքը: Դատելով քարոզարշաւի շրջանին հնչած խօսքերէն, նոյնիսկ չի բացառուիր զինեալ գործողութիւններու ուժեղ վերսկսումը: Քիւրտերը արդէն անհանգիստ են սուրիական Քոպանի (Այնուլարապ) քրտաբնակ գիւղաքաղաքի շրջափակման օրերուն Թայիփ Էրտողանի կատարած յայտարարութիւններէն եւ հաւանական անկախ քրտական միաւոր ստեղծելու հանդէպ անոր կեցուածքներէն:
Այս ընտրութիւններուն, քուէարկողներու կողմնորոշման գլխաւոր գործօններէն մէկը կառավարման նախագահական համակարգին շուրջ անոնց համոզումը պիտի ըլլայ: Ծանօթ է, որ նախագահ Էրտողան կը ծրագրէ խորհրդարանական համակարգը նախագահականով փոխել: Իր լիազօրութիւնները ընդարձակելու Էրտողանի այս մօտեցումէն դժգոհ են ոչ միայն ընդդիմադիրները, այլ նաեւ աջակողմեան, կրօնամէտ հատուածները, նոյնիսկ իր համակիրները:
Ապրիլի վերջաւորութեան հրապարակուած հարցախոյզներուն համաձայն՝ Թուրքիոյ ժողովուրդին 70 տոկոսը, իսկ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան 30-40 տոկոսը դէմ է նախագահական սիստեմին:
Նախագահ Էրտողանի համար անհրաժեշտ է այս խորհրդարանին մէջ ապահովել 335 պատգամաւորի քուէն, որպէսզի կարենայ խորհրդարանէն ներս սահմանադրական այս փոփոխութիւնը կատարել, այլապէս հանրաքուէի պէտք է դիմէ: Ակնյայտ է, որ Էրտողանն ալ այս ամիսներուն ընթացքին այս գետնի վրայ վստահութիւնը կորսնցուցած է. Փետրուարին 400 երեսփոխան ունենալու յոյսերով յայտարարութիւնները հետզհետէ աւելի համեստ թիւերով փոխարինուեցան…
Խորհրդարանական այս ընտրութիւններուն ամէնէն յատկանշական երեւոյթը կուսակցական ցանկերուն մէջ փոքրամասնութիւններու, նաեւ՝ հայ թեկնածուներու ընդգրկումն է: Այսպէս, Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած է Սելինա Էօզուզուն Տողան, Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան թեկնածուն է Կարօ Փայլան, իսկ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածուն է Մարգար Եսայեան: Ցանկերուն վրայ իրենց գրաւած դիրքերէն մեկնած, «Ակօս» օրին նկատած է, որ «Ներկայ դրութեան մէջ ամենաամուր գետնի վրայ ներկայացողը Սելինա Էօզուզունն է, որ գրեթէ ապահոված է խորհրդարան մտնելը»:
Կուսակցութիւններու դրդապատճառները տարբեր են, ի հարկէ: Իշխող կուսակցութեան համար հաւանաբար հայ «ընտրուած» ներկայացուցիչի մը ներկայութիւնը կրնայ Արեւմուտքի եւ հայութեան ներկայանալու միջոց մը ըլլալ, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք Սփիւռքի հետ երկխօսութիւն ծաւալելու Էրտողանի եւ Տաւութօղլուի նպատակը:
Այս ընտրութիւնը, անկասկած, նախագահական ընտրութենէն շատ տարբեր պիտի ըլլայ. Էրտողանին տրուած քիւրտերու եւ իսլամամէտ թուրքերու զգալի մասին քուէները այս անգամ դէպի իրենց կուսակցութիւնները պիտի ուղղուին: Մնալով առաջատար, հաւանաբար, առաջին անգամ ըլլալով իշխանութեան գլուխը գտնուող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը քուէներու նահանջ արձանագրէ: