Կլենտէլի «Հայ Արծիւներ»-ը` Սահմանամերձ Գիւղերու Ամուր Յենարան
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն ԱՄՆ Կլենտէլ քաղաքին մէջ խումբ մը երիտասարդներ իրենց հոգիին պարտքը համարեցին միաւորուելու` նեցուկ ըլլալու օրհասական վիճակի մէջ գտնուող հայրենակիցներուն: Այդպիսով, անոնք 2016թուականին ստեղծեցին «Հայ արծիւներ» բարեգործական հիմնադրամը, որ այս անգամ սկսած է լայնածաւալ աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանի սահմանամերձ, յատկապէս` Տաւուշի մարզի բնակիչներուն:
Տրամադրած օժանդակութեան շնորհիւ սահմանամերձ բնակավայրերու ընտանիքները պիտի կարենան աշխատիլ`այդպիսով լուծելով հանապազօրեայ հաց վաստակելու եւ կենցաղային այլ խնդիրներ:
«Մեր կատարած աշխատանքին շնորհիւ կը ցանկանք կանգնիլ գիւղացիներու կողքին, որպէսզի իրենց ապահով զգան, հասկնան օգնող ձեռք ունին, որոնց կրնան ապաւինիլ: Կը կարծեմ` պէտք չէ կողմնակի աջակցութեան սպասել, եթէ կը ցանկանք որեւէ բան ընել, ապա անհրաժեշտ է առանց ակնկալիքի գործի անցնիլ` հնարաւորութիւն տալով աշխատող մարդուն, որ ան չի բռնէ արտագաղթի ճանապարհը, այլ ամուր կառչած մնայ իր հողին, զինուորներու կողքին գտնուի: Հայաստան հէնց սահմանէն կը սկսի, պէտք է բոլորը մտածեն Հայաստանին օգտակար ըլլալու մասին»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ «Հայ արծիւներ» բարեգործական հիմնադրամի հիմնադիր Անդրանիկ Բալոյեան, որ վերջերս հիմնադրամի անդամներէն Վահրամ Շալվարձեանի, Արաքս Գալստեանի եւ Հայաստանի մէջ գործող «Սահման» հասարակական կազմակերպութեան ծրագիրներու պատասխանատու Անահիտ Նազարեանի հետ հիւրընկալուած էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ, հանդիպած նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին:
Հիմնադրամը Հայաստանի մէջ կը համագործակցի «Սահման» հասարակական կազմակերպութեան հետ: Համատեղ աշխատանքի արդիւնքով` արդէն համապատասխան աջակցութիւն ստացած են Բաղանիս գիւղի ընտանիքներուն կողմէ առաջարկած գործարար գաղափարները, որոնց խումբի անդամները ծանօթացած են Բաղանիս կատարած այցելութեան ժամանակ:
«Շատ տպաւորուած վերադարձած ենք Բաղանիսէն, մէկ պարզ ճշմարտութիւն հասկցանք, որ նմանօրինակ նախաձեռնութիւնները գիւղացիներուն այնչափ կ´ուրախացնեն եւ կեանքի հանդէպ լաւատեսութեամբ կը լեցնեն»,-ըսաւ Անդրանիկ Բալոյեան` աւելցնելով, որ այդ ամէնը տեսնելով` աւելի կը գօտեպնդուին` զբաղուելու ազգանպաստ գործունէութեամբ:
«Սահման» հասարակական կազմակերպութեան ծրագիրներու պատասխանատու Անահիտ Նազարեան «Հայերն այսօր»-ին տեղեկացուց, որ կազմակերպութիւնը Տաւուշի սահմանային գիւղերուն մէջ գիւղատնտեսական, կրթամշակութային ծրագիրներ կ´իրականացնէ, հիմնականին մէջ կ´աշխատին ընտանիքներուն հետ: Աշխատանքները սկսած են ջերմոցային տնտեսութիւններ հիմնելով, մեղուապահութեան ծրագիրներ իրականացնելով, այժմ փոքր ընտանեկան գործարարութեան զարգացման օրինակ կը կիրառեն: Նախ կը յայտարարեն գործարար գաղափարներ ֆինանսաւորելու մասին, որմէ ետք գիւղացիներն իրենց գաղափարները կը ներկայացնեն: Կազմակերպութիւնը ատոնք կը գնահատէ, կը փորձէ հասկնալ, թէ շուկային մէջ քանի մը հոգի պահանջարկ կ’ունենայ, որմէ ետք ալ վերջնական կ´որոշեն, թէ որ ծրագիրի իրականացման նախապատուութիւն տալ:
Բաղանիս համայնքին մէջ «Հայ արծիւներ» հիմնադրամին հետ կ´իրականցուի 5 գործարար ծրագիր: Այս դրութեամբ գործի դրուած է կարի արտադրամասը, ֆինանսաւորուած են նաեւ ծառայութիւն մատուցող գործարար գաղափարները, մէկը հողի փխրեցման աշխատանքներն են, միւսը` խոտհունձը:
Յաջորդիւ կեանքի պիտի կոչեն ձկան խանութ հիմնելու գաղափարը: Ամէն ինչ բարեյաջող ընթանալու պարագային, գուցէ նաեւ փոքր ձկնաբուծարան հիմնեն:
Նշենք նաեւ, որ բոլոր գործարար գաղափարներուն կ´աջակցին միայն սարքաւորումներու տեսքով, ֆինանսական միջոցներ չեն տրամադրեր: Տուեալ անձն իր պարտաւորութիւնները կատարելու պարագային այդ սարքաւորումը նուէր կը ստանայ:
«Մեր կատարած աշխատանքով կ´ուզենք սփիւռքեան բոլոր կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն, անհատներուն համագործակցութեան կանչել` միասին շարունակելով յետագայ ընելիքները: Վերադառնալով Կլենտէլ` անպայման կատարուած աշխատանքին մասին համայնքին մէջ մանրակրկիտ պիտի ներկայացնենք, որպէսզի մարդոց վստահութիւնը շահինք եւ համախոհներ ձեռք բերենք»,-զրոյցն ամփոփեց Անդրանիկ Բալոյեան:
Գէորգ Չիչեան