Համերգային Տօն Հայ Զինուորներուն Համար

Յուլիս 8-ին ՀՀ սփիւռքի եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու աջակցութեամբ ԱՄՆ Նիւ Եորք քաղաքին մէջ բնակող օփերայի երգիչ Վաղարշակ Օհանեան ու «Անմիջական աջակցութիւն հայերուն» բարեգործական հիմնադրամի նախագահ դոկտոր Սուետլաննա Ամիրխանեան Երեւանի N զօրամասին մէջ զինուորներուն համար համերգային ծրագիր պատրաստած էին, որուն մանրամասները անոնք կը ներկայացնեն «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին:
Զինուորներու մարտական ոգին առաւել բարձրացաւ (Ս.Ա.).
-ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ սերտ համագործակցութեան մէջ կը գտնուինք, միշտ կը հետեւինք իրականացուող ծրագիրներուն:
Տեղեկանալով, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը այս տարի Հայոց բանակի կազմաւորման 25-ամեակին առիթով ձեռնարկներու շարք նախաձեռնած է, որոշեցինք մեր քաջարի զինուորներուն համար երեւանեան զօրամասերէն մէկուն մէջ համերգ կազմակերպել: Համերգին ելոյթ ունեցան «Armenian young talent» հիմնադրամին կողմէ իրականացուող փառատօնի հինգ յաղթող, ինչպէս նաեւ Հայաստան ապրող տաղանդաշատ հինգ երիտասարդ: Այդ երեխաներու ապագայի կերտման գործին մէջ մեծ աւանդ ունեցած է նիւեորքաբնակ օփերայի երգիչ, «Շնորհալի» եւ «Արեգակ» երգչախումբերու գեղարուեստական ղեկավար Վաղարշակ Օհանեան, որ մանրակրկիտ եւ հոգատար աշխատանք տարած է անոնց հետ:
Կայացած համերգը նախ նպաստեց երեխաներու հանդիպման ու ճանաչման, յետոյ արդէն զինուորներու` մարտական ոգիի առաւել բարձրացման: Համերգը շատ լաւ մթնոլորտին մէջ անցաւ, հայրենասիրական ոգին կը թեւածէր ամէնուր: Զինուորներն անասելի ոգեւորուած էին, դահլիճը կը թնդար անոնց շռնդալից ծափողջոյներէն: Համերգի ժամանակ հայրենասիրական երգեր հնչեցին, նաեւ քանի մը դասական կատարումներ ալ եղան:
Զինուորներու խանդավառութիւնը մեզի ալ փոխանցուեցաւ (Վ.Օ.).
-Կ’ընտրուին ոչ միայն Երեւանի մէջ, այլեւ Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ ապրող տաղանդաւոր երեխաներ: Անոնցմէ շատերը կ’ընդունուին Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական Երաժշտանոցը, կամ երաժշտական այլ հաստատութիւններ, որոնց անհրաժեշտ է ուղղորդել, միջազգային ասպարէզ հանել, որպէսզի յետագային ինքնավստահութիւն ձեռք բերեն:
Ես նոյնպէս կ’ուզեմ կիսուիլ համերգէն ստացած տպաւորութիւններով եւ ըսել, որ ամէն բան հիանալի անցաւ:
Զինուորներու խանդավառութիւնը մեզի ալ փոխանցուեցաւ, որ այնքան ջերմ էր ու անկեղծ:
Պիտի շարունակեմ աշխատիլ` ի շահ Հայաստան-Սփիւռք կապերու առաւել ամրապնդման (Ս.Ա.).
– Հաստատուելով ԱՄՆ-ի մէջ` սկսայ հայապահպանութեամբ զբաղուիլ, բարեգործական տարբեր ծրագիրներ իրականացնել, քանի որ այդ ամէնուն կարիքը այնտեղ շատ կը զգացուին:
Ծննդավայրս Գաւառ քաղաքն է: Այնպիսի ընտանիքի մէջ մեծցած եմ, ուր մարդասիրութիւնն ու բարիք գործելը օրինաչափութիւն եղած է: Հայրս շատ բարի մարդ էր, կ’օգնէր բոլորին: Իմ կատարած բոլոր գործերս հօրս կերպարով առաջնորդուելով կեանքի կոչած եմ:
2018 թուականը յոբելենական տարի է ինծի համար. նախ կը լրանայ «Armenian young talent» հիմնադրամի տաս, Ամերիկայի մէջ համայնքային գործունէութիւն ծաւալելու քսան եւ «Անմիջական աջակցութիւն հայերուն» բարեգործական հիմնադրամի ստեղծման տասնհինգ տարին: Այս հիմնադրամի ծիրէն ներս տարաբնոյթ օգնութիւն ցուցաբերած ենք Հայաստանի դպրոցներուն, հիւանդանոցներուն եւ այլն:
Գաւառի պետական համալսարանի գերազանց առաջադիմութիւն ունեցող ուսանողներուն տարիներ շարունակ կրթաթոշակներ տրամադրած ենք: Նաեւ լսարաններու ջեռուցման հարցը լուծած ենք, որպէսզի ուսանողները տաք եւ բարեկարգ պայմաններու մէջ դասերը անցնեն: Այն ժամանակ համալսարանի տնօրէնը լուսահոգի Հրանդ Յակոբեանն էր, եւ ամէն անգամ ան մեզի կը յորդորէր` մտածել Հայաստանին օգտակար ըլլալու մասին: Եւ, իրօք, այդպէս է. մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է իր լուման ունենայ մեր Հայրենիքի շէնացման հարցով:
Հրատապ համարեցի 2003 թուականին Պրուքլին քաղաքին մէջ հայկական կիրակնօրեայ դպրոց բանալը, ուր սորվելու կու գային տարբեր երկիրներէ փախստականի կարգավիճակով Նիւ Եորքի մէջ գտնուող ընտանիքներու երեխաները: Դպրոցի գործունէութիւնը սկսած եմ մէկ աշակերտով, իսկ այժմ շուրջ 40 աշակերտ կը յաճախէ: Անոնց արեւելահայերէնով հայոց լեզու, պատմութիւն, երաժշտութիւն կ’ուսուցանուի: Կարելի է ըսել նպաստեցինք, որ այդ երեխաներն իրենց լիարժէք հայ զգան:
Այս տարուան փետրուար ամսուն Նիւ Ճըրսիի մէջ նոյնպէս հայկական դպրոց մը բացած եմ, ուր քսաներկու աշակերտ կը յաճախէ: Երկու դպրոցներուն մէջ ալ հայկական բոլոր տօները կը նշենք, որպէսզի ամերիկահայ երեխաները ծանօթանան մեր բազմադարեայ պատմութեան, մշակոյթին եւ աւանդոյթներուն:
Յետագայ ընելիքներն ու տարբեր նախագիծերու իրականացումը շատ են, նոյն կորովով պիտի շարունակեմ աշխատիլ` ի շահ Հայաստան-Սփիւռք կապերու առաւել ամրապնդման:
Գէորգ Չիչեան