Երգչուհի Թալին Փարթամեանը ՀՀ սփիւռքի նախարարութենէն ներս

Յունիս 3-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց մանկական երգերու հանրայայտ կատարող Թալին Փարթամեանը (ԱՄՆ), անոր ամուսինը` Ալեքս Պեսօսը եւ Հայաստանի մէջ երգչուհիի ներկայացուցիչ Անտրէ Սիմոնեանը: Երգչուհին Հայաստան եկած է համերգներու եւ մանկական ժամանցային ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով:

Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան գնահատանքի ջերմ խօսքեր ըսաւ Թալին Փարթամեանի կատարողական արուեստին մասին` շեշտելով, որ երգը ազգային եւ համամարդկային զգացումներ հաղորդելու ամենամատչելի միջոցն է եւ հայապահպանութեան կարեւոր գործօն: Իսկ մանկական երգը ա՛լ աւելի կարեւոր է, քանի որ այն մեծ դեր ունի երեխայի ճիշդ դաստիարակութեան հարցին մէջ եւ աշխարհայեացք կը ձեւաւորէ: Այս իմաստով նախարարը կարեւոր համարեց երգչուհիի յատկապէս այն ծրագիրները, որոնք կը նպաստեն երեխաներու մօտ հայրենասիրական զգացումներու դաստիարակման, հայոց լեզուի իմացութեան ամրապնդման, բարութիւն եւ մարդասիրութիւն սերմանելուն:

Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին` ջերմ ընդունելութեան համար եւ պատմեցին իրենց հայաստանեան տպաւորութիւններուն մասին` շեշտելով, որ տարիէ-տարի Երեւանը աւելի բարետես ու յարմարաւէտ կը դառնայ: Անոնք մեծապէս կարեւոր համարեցին Հայաստանի հետ կապի ամրապնդումը` մասնաւորապէս երիտասարդ սերունդին համար, եւ գոհունակութիւն յայտնեցին Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող այն ծրագիրներուն վերաբերեալ, որոնց նպատակը հայպահպանութիւնն ու հայրենաճանաչութիւնն է:

Զրոյցի ընթացքին երկուստեք կարեւոր համարուեցաւ հզօր եւ ամուր Հայրենիք ունենալու իրողութիւնը, որուն համար իր հնարաւորը պէտք է ընէ իւրաքանչիւր հայ` ուր ալ որ  ապրի:

Հանդիպման աւարտին, հայապահպանութեան եւ հայ արուեստի տարածման ու զարգացման գործին մէջ ունեցած աւանդի համար` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Թալին Փարթամեանը  պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրով:

 

01 02 03 04

Scroll Up