Արցախի մէջ կայացած է «Խնոցի» փառատօն. (լուսանկարներ)

ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ծրագիրի ծիրէն ներս  Շուշիի շրջանի Հին շէն գիւղին մէջ առաջին անգամ կազմակերպած է «Խնոցի» արցախեան փառատօնը:

«Արցախփրէս»-ի հաղորդմամբ` փառատօնին ներկայացած են խնոցի հարման գործին մէջ հմուտ եւ արհեստավարժ մասնակիցներ: Ինչպէս նաեւ ներկայացուած է խնոցու հարման ողջ գործընթացը, որմէ ետք  ստացուած կաթնամթերքը մատուցուած է աւանդական ձեւով:

Փառատօնը ուղեկցուած է աւանդական հիւրասիրութեամբ, խաղերով ու խաղերգերով, արցախեան երգ-երաժշտութեամբ եւ արցախեան մշակոյթը ներկայացնող այլ ձեռնարկներով:

Ձեռնարկին լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցին ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան նշած է, որ փառատօնի նպատակն է` արցախեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան արժէքներու պահպանումն ու հանրահռչակումը, ազգային աւանդոյթներու, սովորոյթներու, ազգագրական առանձնայատկութիւններուն հանդէպ հոգածութեան եւ յարգանքի արմատաւորումը:

«Իւրաքանչիւր փառատօնի համար տեղանքը ընտրում ենք հաշուի առնելով տարածքի առանձնայատկութիւնները: Հին շէնում զարգացած է անասնապահութիւնը եւ, նաեւ այս աւանդոյթները այստեղ են աւելի շատ պահպանուած»,- ըսած է Ն. Աղաբալեան եւ աւելցուց, որ «առջեւում է «Թթի» փառատօնը»:

Նախարարին խօսքով` այս փառատօնները պիտի ըլլան աւանդական եւ ամենամեայ, որոնք պիտի կազմակերպուին տարբեր համայնքներու  մէջ:

Այս ձեռնարկները արդէն իսկ մշակութային քաղաքականութեան անքակտելի մաս կը կազմեն, որ նաեւ նպատակ ունին բարձրացնելու Արցախի մշակութային եւ զբօսաշրջային գրաւչութիւնը:

Փառատօնին մասնակցած են ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, պաշտօնատար այլ անձիք, հիւրեր Հայաստանէն եւ արտերկրէն:

Scroll Up