ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդուեց Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի փրոֆէսոր Ֆրենք Ծերունեանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/06/ֆէ.jpg)
Յունիս 2-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USCU) փրոֆէսոր, կառավարչական հմտութիւններու բաժանմունքի հանրային կառավարման ծրագիրի ղեկավար Ֆրենք (Վռամշապուհ) Ծերունեանը:
Պարոն Ծերունեան նախարարին պատմեց USCU համալսարանի Հանրային կառավարման բաժանմունքի եւ իր ղեկավարութեամբ գործող ծրագիրին մասին, որուն նպատակը ուսանողներուն կառավարչական գիտելիքներ եւ գործնական հմտութիւններ ուսուցանելն է: Հիւրը նաեւ ըսաւ, որ ինք սիրով իր գիտելիքները կը հաղորդէ հայրենի երիտասարդ սերունդին եւ արդէն իսկ քանի մը դասախօսութիւն կարդացած է Հայաստանի պետական կառավարման ակադեմիոյ մէջ: «Մեր երիտասարդ պետութեան շատ անհրաժեշտ են կառավարչական հմտութիւններ ունեցող երիտասարդ մասնագէտներ, եւ ես նպատակ ունիմ ԱՄՆ վերադառնալէ յետոյ, իմ համախոհ ընկերներու միջոցով հիմնադրամ մը ստեղծել, որ հնարաւորութիւն կու տայ պարբերաբար Հայաստան ուղարկել այս ոլորտի դասախօս-մասնագէտներ:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վ. Ծերունեանին` հայրենասիրական քայլի համար եւ յորդորեց, որպէսզի ան օգտագործելով դասախօսի իր հնարաւորութիւնները` աշխատի ամերիկահայ երիտասարդութեան շրջանին մէջ ամրապնդելու ազգային ինքնութեան եւ լեզուի պահպանման կարեւորութեան գիտակցութիւնը:
Այնուհետեւ, զրոյցը ընթացաւ հայապահպանութեան եւ ժամանակակից կրթական համակարգերու շուրջ:
Երկուստեք կարեւոր համարուեցաւ Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան համար նոր հնարաւորութիւններու եւ ճանապարհներու որոնումն ու արդիւնաւէտութեան բարձրացումը: