Կլէն Քովի Հոլոքոստի թանգարանը հիւրընկալած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող ցուցահանդէսը

Նիւ Եորքի նահանգի Կլէն Քովի Հոլոքոստի թանգարանին մէջ բացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ցուցահանդէս:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեանի խօսքով` ցուցահանդէսը բաղկացած է երկու մասէ` Հայոց ցեղասպանութեան լուսանկարչական պատմութիւններէն, ԱՄՆ հումանիտար օգնութեան մասին պատմող մերձաւոր Արեւելեան նպաստամատոյցին նուիրուած ցուցադրութենէն: Ցուցահանդէսին զուգահեռ պիտի ներկայացուի նաեւ Աուրորա Մարտիկանեանի մասին պատմող ֆիլմը:

«Շատ կարեւոր է ունենալ նման ցուցադրութիւն, քանի որ այն մնալու է մինչեւ Սեպտեմբեր եւ այս երեք ամիսներից յետոյ տեղափոխուելու է մէկ այլ Հոլոքոստի թանգարան: Չեմ ուզում մանրամասներ փոխանցել, քանի որ դեռ բանակցութիւնների փուլում ենք», – Արցախփրեսի փոխանցմամբ` ըսաւ Սուրէն Մանուկեան:

Ցուցադրութեան բացման ներկայ էին նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Զոհրաբ Մնացականեան, Սուրբ Նահատակներու հայկական եկեղեցւոյ Հայր Աբրահամ Մալխասեան, տեղի հրեայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ հոլոքոստը վերապրածներ: Իսկ տեղի հայկական դպրոցի սաները երեկոն զարդարեցին Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու կատարմամբ:

Scroll Up