Մուսթաֆա Ազիզօղլու. 1915-ին ան հայերուն թաքցուց իր տան մէջ և սպաննուեցաւ որդիին ձեռքով

1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ եղած են թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնք, վտանգելով իրենց եւ հարազատներու կեանքը, հրաժարած են կատարել Թալէաթի, Էնուէրի եւ Երիտթուրք միւս ոճրագործներու հրէշային ծրագիրը:

Հայկական ուսումնասիրութիւններու «Անի» կեդրոնը կը պատմէ անոնցմէ մէկուն` Մուսթաֆա աղա Ազիզօղլուի ողբերգական ճակատագիրին մասին: Մուսթաֆա աղա (Ազիզօղլուն) Մալաթիոյ կառավարիչն էր` քաղաքագլուխը: Չնայած ան չկրցաւ կանխել հայերու բռնագաղթն ու զանգուածային սպանդը, ան այդուհանդերձ յաջողեցաւ  քանի մը հայեր թաքցնել իր սեփական տան մէջ:

Անոր սպաննեց իր որդին` «Իթթիհատ վէ Թերաքի» կուսակցութեան մոլեռանդ ու եռանդուն անդամը, «կեաւուրներուն (անհաւատներուն) հոգ տանելու» համար: Անհնազանդ այլ անձնաւորութիւններու շարքին պէտք է յիշել Քասթեմոնի կառավարիչ Ռեշիտ փաշան, Էրզրումի կառավարիչ Թահսին բէյը, Պասրայի կառավարիչ Ֆերիթ բէյը եւ Եոզղատի շրջանային կառավարիչ Մեհմեդ Ճեմալ բէյը, Պաթմանի շրջանային կառավարիչ Սաբիթ բէյը:

Այս պաշտօնեաները ազատեցան իրենց պաշտօններէն եւ փոխարինուեցան առաւել հնազանդ քաղաքային ծառայողներով, որոնք ի կատար ածեցին հայերուն բնաջնջելու գազանային ծրագիրները:

Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն հայերուն պաշտպանած կամ Երիտթուրք ոճրագործներու հրահանգները չեն կատարած նաեւ Տիարպեքիրի Լիճէ քաղաքի քաղաքապետ Հիւսէյին Նեսիմի բէյը (տե՛ս` «Դաւաճան» թուրքը` Հիւսէյին Նեսիմի բէյ,), Հալէպի, ապա եւ Գոնիայի կառավարիչ Ճելալ Բէյը (տե՛ս` Ճելալ բէյ. խիղճ ու հոգի ունեցող թուրք, որ իր մասով չկատարեց Թալէաթի հրէշաւոր ծրագիրը,), Անգարայի վալի (կառավարիչ) Հասան Մազհար բէյը (տե՛ս` Հասան Մազհար բէյ` Անգարայի վալին, ով 1915-ին պաշտպանեց հայերուն), Քեոթահիայի կառավարիչ Ֆայիք Ալին (Օզանսօ) (տե՛ս` ֆայիք Ալի (Օզանսօ). 1915-ին ան հրաժարեցաւ կատարել Թալէաթի կարգադրութիւնը):

 

Scroll Up