Իրաքցի վանականը ԻԼԻՊ-էն փրկած է հայերէնով պահպանուած հնագոյն ձեռագիրներ

Իրաքցի վանական Նաճիպ Միխայէլ պատմած է, թէ ինչպէս ԻԼԻՊ-էն հնագոյն ձեռագիրներ փրկած է, մէջը ըլլալով ` հայերէնով: Լիբանանեան «The Daily Star» պարբերականի փոխանցմամբ, գնդակները սուլած են հոգեւորականի գլխուն մօտէն, քիչ հեռուն նկատուած է ԻԼԻՊ-ի սեւ դրօշը, սակայն վանականը մտածած է միայն հարիւրաւոր իրաքեան ձեռագիրները փրկելու մասին: Այս մասին կը հաղորդէ News.am կայքը:
Առաջին անգամ` 2008 թուականի իսլամական խռովութիւններու ժամանակ, Միխայէլը կրցած է թանկարժէք գրադարանը Մոսուլէն փոխադրել Իրաքի խոշորագոյն քրիստոնէական քաղաք Պաղտատ: Անցեալ տարի վանականը կրկին վտանգ զգացած է, իսկ ԻԼԻՊ-ը նուաճած է քաղաքներ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ոչնչացնելով անգին յուշարձաններն ու թանգարանները, ինչպէս նաեւ գրադարաններու փաստաթուղթերը:
Երբ հինգշաբթի ԻԼԻՊ-ը Սուրիոյ մէջ գրաւած է հնագոյն Փալմիրա քաղաքը` յետագայ աւերածութիւններու վտանգ յառաջացնելով, Միխայէլ Փարիզի մէջ պատմած է, թէ ինչպէս նուիրուած է Իրաքի 2000-ամեայ քրիստոնէական ժառանգութեան մնացորդները փրկելու գաղափարով:
Նաճիպ Միխայէլի փրկած հաւաքածուն կը ներառէ պատմական եւ փիլիսոփայական աշխատութիւններ, քրիստոնէական եւ մահմետական փաստաթուղթեր, երաժշտութեան եւ գրականութեան մասին հայերէն, արամերեն, արաբերէն, ասորերէն գրառումներ: