Մայր Աթոռի Մատենադարանի Եւ Հայաստանի Ազգային Գրադարանի Միջեւ Ստորագրուեցաւ Փոխըմբռնման Յուշագիր
Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի` Հոկտեմբեր 6-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ մեկնարկեց «Անցեալի պահպանութիւն` յանուն ապագայի» խորագիրով հայկական գրադարաններու երրորդ միջազգային համաժողովը, որ գումարուած է ՀՀ Մշակոյթի
նախարարութեան, Մայր Աթոռի եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի աջակցութեամբ:
Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Մայր Աթոռի լրատուական ծառայութենէն, համաժողովին ընթացքին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի տնօրէն Տ. Արարատ քահանայ Պօղոսեան եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան ստորագրեցին փոխըմբռնման յուշագիր: Յուշագիրով նախանշուող համագործակցութեան ծիրին մէջ երկու կառոյցներն իրենց նպաստը պիտի բերեն հայագիտութեան պահպանման, զարգացման ու տարածման, երիտասարդ սերունդի դաստիարակութեան եւ ազգային-հոգեւոր արժէքներու մասին իրազեկման կարեւոր գործին, պիտի խթանեն հայագիտական կեդրոններու հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումն ու խորացումը, պիտի իրականացնեն հայ տպագիր ժառանգութեան եւ փաստաթուղթերու թուայնացման, թուային գրադարանի ստեղծման, թուայնացման միջոցով վտանգուած նիւթերու երկարաժամկէտ պահպանութեան ծրագիրներ: Յուշագիրով կը նախատեսուի նաեւ գրադարանավարներու համար «Վարպետաց դասերու» կազմակերպում Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ, մասնագէտներու փոխայցեր, համատեղ ցուցադրութիւններ եւ համաժողովներ:
Համագործակցութեան ծիրէն ներս Մայր Աթոռի Մատենադարանը պիտի ներգրաւուի «Հայ պարբերական մամուլի համահաւաք գրացուցակ»-ին եւ հայ հնատիպ ու վաղ շրջանի գիրքերու համահաւաք շտեմարաններու ձեւաւորման աշխատանքներուն մէջ:
Նախանշուած աշխատանքներու իրականացման նպատակով պիտի ստեղծուի Ս. Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի ներկայացուցիչներէն կազմուած յանձնախումբ: