Կոմիտաս Ռատիոժամ-80. Դէպի Երկիր
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/05/Ռադիոժամ-300x225.jpg)
Մեծ երազի ճամբուն վրայ Մօթէվիտէոյի Կոմիտաս Ռատիոժամը, սկիզբ տալով իր 80-ամեակի տօնախմբութիւններու շարքին, 60 հոգիէ բաղկացած պատկարելի խուբով մը կը ճամբորդէ Մայր Հայրենիք, Մայիս 26-ին Առնօ Պապաճանեան համերգասրահին մէջ, մասնակցութեամբ Հայրենի ծանօթ արուեստագէտներու, տօնախմբելու համար սփիւռքի առաջին հայկական ռատիոժամի հիմնադրութեան ութ տասնամեակը։ Այս մասին “Հայերն Այսօր”-ին կը փոխանցէ Ուրուկուէի “Կոմիտաս” Ռատիոժամի Վարչութիւնը:
Այս բացառիկ հադիսութիւնը կը հովանաւորեն եւ մեզի հետ կը կազմակերպեն, Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Համազգային Մշակութային Միութեան Երեւանեան Գրասենեակը։ Ուրուկուահայ գաղութի պատմութեան մէջ եզակի այս նախաձեռնութիւնը, մեծ ոգեւորութիւն ստեղծած է ոչ միայն ճամբորդող խումբի այլեւ այստեղ Մօնթէվիտոյի մէջ, մեզ ունկընդրող բազմաթիւ հայրեակիցներու։